Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Աքսայի մզկիթը
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իսրայէլացի բնակեցուածներու ծայրայեղական կազմակերպութիւններու կողմէ Աքսայի մզկիթը ականահարելու սադրիչ կոչերը:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սըֆիան Քուտաթ յայտնեց, որ իր երկիրը բացարձակապէս կը մերժէ եւ կը դատապարտէ այդ սադրանքը, որ կը կատարուի այնպիսի պահու, երբ Աքսայի մզկիթին մէջ նոր իրողութիւն պարտադրելու քաղաքականութիւն կը վարուի, եւ որուն նպատակը մզկիթի պատմական ու իրաւական կացութեան փոփոխութիւնն է:
Ան նշեց, որ իսրայէլեան այդ միակողմանի քայլերն ու ոտնձգութիւնները կը պահանջեն զանոնք դատապարտող միջազգային յստակ կեցուածք մը, որ կ՛երաշխաւորէ Կազայի մէջ իսրայէլեան յարձակումին եւ Այսրյորդանանի մէջ մագլցումի շարունակման լոյսին տակ պաղեստինցի ժողովուրդին պէտք եղած պաշտպանութեան ապահովումը:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծեց, որ Աքսայի մզկիթը իր ամբողջ տարածքով բացարձակապէս իսլամներուն պատկանող պաշտամունքի վայր է, եւ Յորդանանի կրօնական կալուածներու ու իսլամական սրբատեղիներու նախարարութեան Երուսաղէմի կրօնական վայրերու եւ Աքսայի մզկիթի հարցերու վարչութիւնը Աքսայի մզկիթի բոլոր հարցերը կառավարելու ու այդտեղ մուտքը կազմակերպելու բացարձակ իրաւունքի տէր իրաւական կողմն է:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ