Որոնել

Իսրայէլ, Պաղեստին, պատերազմ Իսրայէլ, Պաղեստին, պատերազմ   (ANSA)

Համաս. «Առանց պատերազմի դադրեցման, Կազայէն հեռացման, պաշարումի վերացման ու գերիներու լուրջ գործարքի, Իսրայէլի հետ յամաձայնութիւն Չկայ»

Պաղեստինեան Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց, որ պատերազմի դադրեցման, իսրայէլեան ուժերու Կազայէն ամբողջական հեռացման, պաշարումին վերացման, Կազայի վերաշինութեան եւ գերիներու փոխանակման լուրջ գործարքի առումով «Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն չկայ»:

Շարժումը յայտարարեց, որ Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ իր պատուիրակութիւնը Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ժողով գումարած է Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի եւ եգիպտական հետախուզութեան ղեկավար Ապպաս Քամելի հետ` քննարկելով Պաղեստինեան դատի եւ Կազայի պատերազմի զարգացումները:

Համաս հանդիպումի ընթացքին ողջունած է անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ թափուած եգիպտական ու քաթարական ջանքերը` շեշտելով շարժումին ցուցաբերած ճկունութիւնն ու զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու պատրաստակամութիւնը:

Շարժումը շեշտած է, որ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի 31 մայիսին կատարած յայտարարութեան ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2735 որոշումին եւ 2 յուլիս 2024-ին գոյացած համաձայնութիւններուն հիմամբ զինադադարի որեւէ համաձայնութիւն անմիջապէս գործադրելու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2024, 06:30