Որոնել

Կազա Կազա  (AFP or licensors)

Մինչ Իսրայէլ գերիներու հարցին շուրջ ապահովական խորհուրդի արտակարգ նիստ կը պահանջէ, Համաս պատրաստ է գործարք կնքելու

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ պատրաստ է գործարք կնքելու, եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ատիկա կ՛ուզէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջած է Կազայի մէջ գերիներու կացութեան քննարկման համար արտակարգ նիստ մը գումարել:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ պատրաստ է գործարք կնքելու, եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ատիկա կ՛ուզէ:

Մինչ այդ, երէկ Իսրայէլի մէջ գերիներու ընտանիքներուն զօրակցական եւ Նեթանիահուի կողմէ գերիներու վերադարձի գործարքի կնքման խոչընդոտումը մերժող ընդհանուր գործադուլ մը, որ կը ներառէր դպրոցները, համալսարանները, Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» միջազգային օդակայանը, պետական հաղորդակցութիւններն ու տնտեսական լայն ոլորտներ:

Իսրայէլի մէջ Աշխատաւորական սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը երէկ յայտարարեց, որ կը սերտէ գործադուլը այսօրուան երկարաձգելու եւ աւելի մեծաթիւ մարզեր ներառելով զայն ընդլայնելու կարելիութիւնը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Աշխատանքի դատարանը հրամայած է կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին դադրեցնել Աշխատաւորական սենտիքաներու համադաշնակցութեան գործադուլը:

Դատարանը ընդունած է կառավարութեան դիմումը` նկատի ունենալով, որ գործադուլը քաղաքական է եւ ոչ թէ աշխատանքային հարցերով: Իսրայէլացի գերիներու հարազատները հակադարձեցին դատարանի որոշումին` ըսելով. «Հարցը գործադուլին չի վերաբերիր, այլ փրկութեանը առեւանգեալներուն, զորս լքած է Նեթանիահուն»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետը յայտնած է. «Իսրայէլի մէջ գործադուլը Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարի աջակցութիւն է»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Նեթանիահու ըսած է. «Ֆիլատելֆիա միջանցքէն հրաժարելու վերաբերեալ մեր կեցուածքի փոփոխութիւնը Համասին պարգեւ է»:

«Առեւանգեալները վերադարձնել կ՛ուզենք, սակայն գոյութիւն ունին վայրեր, որոնցմէ պէտք չէ հրաժարինք, եւ Ֆիլատելֆիայի միջանցքը Համասի թթուածինի շիշն է», յայտնած է ան` աւելցնելով. «Եթէ Ֆիլատելֆիա միջանցքէն դուրս գանք, աշխարհը մեզի պիտի չարտօնէ այդտեղ վերադառնալ»:

«Կազայի մէջ մեր գերի զաւակներուն սպանութեան ուժեղ հակադարձութիւն պիտի ըլլայ», յայտարարեց Նեթանիահու:

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ, շարժումի աւագ բանագնաց Խալիլ Հայէ «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու ճակատագիրին եւ բանակցութիւններու ընթացքին մասին նոր մանրամասնութիւններ ներկայացուց:

Հայէ ըսաւ, որ Համասը համաձայնութիւն կնքելու համար Կազայէն, ներառեալ Ֆիլատելֆիա եւ Նեցարիմ միջանցքներէն ամբողջական հեռացում կը պահանջէ` նշելով, որ Համաս «մեծ ճկունութիւն եւ մեծ զիջումներ» կատարած է համաձայնութեան հասնելու համար:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլի հետ Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման ու գերիներու փոխանակման գործարքի շուրջ իսկական բանակցութիւններ չկան, եւ շարժումը պատրաստ է անմիջապէս համաձայնութիւն կնքելու, եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ատիկա կ՛ուզէ:

Հայէ իսրայէլացի 6 գերիներու սպանութեան համար ամբողջական պատասխանատուն նկատեց Իսրայէլը` նշելով, որ անոնք եւ ուրիշներ կրնային գործարքի ծիրին մէջ ողջ վիճակի մէջ իրենց ընտանիքներուն միանալ, «սակայն բռնագրաւումի բանակն ու անոր ծայրայեղական կառավարութիւնն են պատճառը, որ իրենց կեանքերը կորսնցուցին, բռնագրաւումը զանոնք ուղղակի կերպով ռմբակոծելով իրենց հետ նստող, անոնց հսկող եւ անոնց հետ ապրողներուն հետ սպաննեց»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն կը ծրագրէ Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման վերջնական համաձայնութեան առաջարկ ներկայացնել:

Աղբիւրները աւելցուցին, որ Ուաշինկթըն վերջնական զինադադարի համաձայնութեան ուրուագիծին շուրջ խորհրդակցած է Տոհայի եւ ահիրէի հետ, եւ երկու կողմերուն այդ վերջնական համաձայնութեան մերժումը կը նշանակէ ամերիկեան ղեկավարութեամբ բանակցութիւններուն աւարտը:

Պաշտօնատարներ օրաթերթին նշեցին, որ Ուաշինկթընը, Գահիրէն ու Տոհան վերջնական առաջարկին վրայ կ՛աշխատէին նախքան իսրայէլացի գերիներու դիակներու յայտնաբերումը: Ամերիկացի պաշտօնատար մը շեշտեց, որ դիակներու յայտնաբերումը համաձայնութեան գոյացումը չի խանգարեր, այլ պէտք է յաւելեալ մղիչ ուժ ըլլայ աւարտական այս փուլին մէջ զայն կնքելու:

Աղբիւրները «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած են, որ անցեալ շաբթուան բանակցութիւնները կեդրոնացած են իսրայէլացի գերիներու հետ փոխանակուելիք պաղեստինցի որոշակի կալանաւորուածներու վրայ, եւ առաջին փուլը պիտի ներառէր կիրակի օր դիակը յայտնաբերուած ամերիկացի-իսրայէլացի գերին, ինչպէս նաեւ կիներ, տարեցներ, հիւանդներ եւ վիրաւորներ:

Պաշտօնատարներ մտավախութիւն յայտնեցին, որ ողջ մնացած գերիներուն թիւը կրնայ միայն տասնեակներով ըլլալ, եւ բանակցութիւնները այժմ 6 գերիներու մահէն ետք աւելի դժուար պիտի ըլլան:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ փոխնախագահ Քամալա Հարիս Կազայի մէջ ամերիկացի գերիի սպանութենէն ետք հանդիպում պիտի ունենան Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման գործարքի շուրջ բանակցութիւններուն մասնակից ամերիկեան պատուիրակութեան հետ:

«Պայտըն եւ Հարիս բանակցող պատուիրակութեան հետ պիտի քննարկեն մղում կատարելը համաձայնութեան մը ուղղութեամբ, որ մնացեալ գերիներուն ազատ արձակումը կ՛երաշխաւորէ»:

Պայտըն երէկ յայտարարեց. «Չեմ կարծեր, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն գերիներու գործարքի կնքման համար բաւարար ջանք կը թափէ»:

Եգիպտոսի նախագահի բանբեր Ահմետ Ֆահմի յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը հեռաձայնած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի:

Զրոյցի ընթացքին հաստատուած է «երկու եղբայրական պետութիւններուն միջեւ պատմական եղբայրական յարաբերութիւններու ուժը»: Զրոյցի ընթացքին նաեւ քննարկուած են շրջանային կացութիւնը եւ շրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան վրայ ազդող մարտահրաւէրներու դիմակայման համար արաբական միացեալ աշխատանքի ամրապնդման կարելիութիւնները:

Համաձայնութիւն գոյացած է Կազայի մէջ անմիջական զինադադարի գոյացման, Այսրյորդանանի մագլցումը դադրեցնելու կարեւորութեան շուրջ, ինչ որ կը նպաստէ տագնապի ծիրը չընդլայնելուն եւ կը վերականգնէ շրջանային կայունութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը իր կարգին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Պաղեստինի մէջ վերջին զարգացումները եւ շարք մը շրջանային ու միջազգային թղթածրարներ:

Էրտողան շեշտած է Իսրայէլի վրայ ճնշումները բարձրացնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ պէտք է դադրեցնել իսրայէլեան յարձակումներն ու Թել Աւիւի կողմէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները, եւ մնայուն զինադադար գոյացնել: Ան նաեւ նշած է իսլամական պետութիւններու միացեալ քայլերու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իր կուսակցութեան Քնեսեթի անդամները կանչած է իր գրասենեակ` բացատրելու համար իր կեցուածքը, եւ անոնց տեղեակ պահած, որ պիտի չհրաժարի: «Եթէ Նեթանիահուն ատիկա կ՛ուզէ, թող անձամբ զիս պաշտօնազրկէ», աւելցուցած է Կալանթ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2024, 08:20