Սիարթօ. «Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ընդլայնման ծրագիրը պիտի հաստատուի նոյեմբերին»
Նոյեմբերին, Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ Հունգարիոյ նախագահութեան ընթացքին, պիտի հաստատուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընդլայնման ժամանակացոյցը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ` նշելով նաեւ, որ երեքշաբթի օր սկսած է մուտքի արտօնագիրի դիւրացման շուրջ երկխօսութիւնը:
Սիարթօ ընդգծած է, թէ շուտով պիտի ստեղծուի միացեալ տնտեսական յանձնախումբ մը, սկիզբ պիտի առնէ հիւլէական ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը:
«Եւրոպական Միութեան մէջ մեր նախագահութեան ընթացքին Հայաստանը ստացած է 10 միլիոն եւրօ օգնութիւն Եւրոպական խաղաղութեան շրջանակէն», գրած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Ան հաղորդած է, որ Հայաստանն ու Հունգարիան դեսպանատուներ պիտի բանան Երեւանի եւ Պուտափեշթի մէջ:
Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը Երեւանի մէջ կը մասնակցի «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային խորհրդաժողովին:
Վերջերս Հայաստան այցելած էր Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարկարիթիս Սխինասը` սկսելու Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հոլովոյթը: Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ հոլովոյթը պիտի տեւէ այնքան, որքան անհրաժեշտ է` չենթադրելով մուտքի արտօնագիրներու պահանջի մեքենայական չեղարկում:
Եւրոպական յանձնաժողովը շեշտեց, որ Հայաստանի հետ այս երկխօսութիւնը տարիներ պիտի տեւէ, եւ այդ ընթացքին պիտի վերահսկուին բարեփոխումները:
Քաղուած Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ