Որոնել

2024.09.07 Libro: Le diaconesse nella Chiesa Armena

Նոր Հրատարակութիւն՝ «The Deaconesses Of The Armenian Church»

Գիրքը կը հանդիսանայ հեղինակին տարիներու լուրջ եւ հետեւողական հետազօ­տութեանց արդիւնքը եւ լոյս կը սփռէ քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ կարեւոր, բայց յաճախ անտես­ուած աւանդոյթի մը վրայ՝ կանանց դերը որպէս ձեռնադրուած սարկաւագուհիներ:

Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ վերջերս լոյս տեսաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի «The Deaconesses of the Armenian Church» խորագրով անգլերէն աշխատասիրութիւնը։ Առկան կը հանդիսանայ Ֆրիպուրկի համալսարանի էքումենիք ինստիտուտի Studia Oecumenica Fri­burgensia մատենաշարի 113-րդ հատորը, որ հրատարակուեցաւ Aschendorff Verlag-ի կողմէ օգոստոս 2024 թուականին Միւնսթերի մէջ։

Գիրքը կը հանդիսանայ հեղինակին տարիներու լուրջ եւ հետեւողական հետազօ­տութեանց արդիւնքը եւ լոյս կը սփռէ քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ կարեւոր, բայց յաճախ անտես­ուած աւանդոյթի մը վրայ՝ կանանց դերը որպէս ձեռնադրուած սարկաւագուհիներ: Յատ­կապէս կեդրոնանալով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութեան վրայ՝ ան կը քննէ պատմական այն կարեւորագոյն դերակատարութիւնը, որ սարկաւագուհիներ ունեցած են քրիստոնեայ համայնքներու կեանքին մէջ: Արդարեւ, հեղինակը փաստացի վկայութիւն­ներով ցոյց կու տայ, թէ կանայք որպէս սարկաւագուհիներ ինչպիսի՛ նշանակալից ներ­դրումներ ունեցած են եկեղեցւոյ թէ՛ ծիսական եւ թէ ծառայասիրական առաքելութեանց մէջ։

Այսօր, երբ Ուղղափառ եւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ լուրջ խօսոյթ մը կը զարգանայ այս հնագոյն աւանդոյթը վերականգնելու ուղղութեամբ, «The Deaconesses of the Armenian Church» հատորը ակադեմական կարեւոր տուելաներ եւ նոր հեռանկարներ կը հաղորդէ աստուածաբաններու, պատմաբաններու, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքր­ուած են արծարծուած նիւթով։

Գիրքը այժմ հասանելի է եւ կարելի է պատուիրել ուղղակի Aschendorff Verlag-էն:

Տե՛ս առկից թռուցիկը՝ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2024, 08:19