Պէյրութի մէջ. Կազմուած է գաղթականներու օժանդակութեան յատուկ մարմին
Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական ու ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները:
Երեսփոխան Բագրատունի ժողովականներուն ներկայացուց Լիբանանի թատերաբեմի վերջին զարգացումները եւ գաղթականներու հոսքի ծաւալումը: Քննութեան առարկայ դարձան հոսքին հետ կապուած ընկերային հարցերն ու ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին դիմագրաւած խնդիրները:
Որոշուեցաւ, որ բարեսիրական կեդրոնները, դարմանատուները եւ համայնքային ծառայութեան բաժանմունքները իրենց կարողութիւնները առաւելագոյնս լարելով օժանդակեն լիբանանցի մեր համաքաղաքացիներուն ընկերային ու բժշկական կարիքներուն եւ կատարեն անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ:
Երեսփոխանական գրասենեակին հրաւէրով կայացած այս հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային ծառայող Անի Գալուստ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան, «Ճինիշեան» հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան, «Գարակէօզեան» հաստատութենէն Գրիգոր Այնէլեան եւ Ռաքէլ Քէչէճեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Թալին Թերզեան:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ