Իսրայէլ մեծ մագլցումի կը դիմէ Լիբանանի դէմ
Իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերը երէկ առաւօտէն բազմահարիւր յարձակումներ գործեցին` թիրախաւորելով Լիբանանի տարբեր շրջաններ` հարաւային Լիբանանի մէջ բազմաթիւ գիւղերու կողքին յարձակումներ գործելով Նապաթիէի, Պեքաայի, Պաալպեք-Հըրմելի, Զահլէի, Քեսրուանի, Ժիպէյլի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիել Հակարի յայտարարեց. «Մեր յարձակումը տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլը թիրախաւորելու շարժումներ նշմարելէ ետք»:
Ան հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` «անմիջապէս հեռանալու Հըզպալլայի կողմէ օգտագործուող վայրերէն եւ շէնքերէն»:
Ան պնդեց, որ Հըզպալլան քաղաքայիններու տուներուն մէջ թեւաւոր հրթիռներ կը պահէ:
«Հըզպալլային կանխարգելիչ հարուած հասցուցինք, եւ Լիբանանի վրայ յարձակումները պիտի շարունակուին», յայտարարեց իսրայէլեան բանակի բանբերը:
Իսրայէլեան բանակէն աղբիւրներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեցին. «Լիբանանի մէջ օդային յարձակումները նոր տեսակի թիրախներ կը թիրախաւորեն»:
Իսրայէլեան բանակէն աղբիւր մը «Հուրրա»-ին յայտնեց. «Այսօր Լիբանանի մէջ բնակեցուած շրջաններու լայնածաւալ ռմբակոծում պիտի կատարենք` Հըզպալլայի կարողութիւնները ջլատելու համար»:
Իսրայէլեան պետական աղբիւրներ իրենց կարգին իսրայէլեան «Մաարիւ»-ին յայտնեցին. «Լիբանանի մէջ մեր հարուածը ուժեղ է, եւ յաջորդ քայլերը պիտի որոշուին մեկնելով գետնի վրայ զարգացումներէն»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ եւ բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի առանց լայնածաւալ պատերազմի մէջ մտնելու աստիճանական մագլցումի դիմելու որոշում գոյացուցած են:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարած է. «Այժմ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, կռիւի նոր փուլ է»:
Ան իսրայէլացիները յորդորած է յառաջիկայ օրերուն սառնասրտութիւն ցուցաբերելու:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան Լիբանանի ժողովուրդը պատանդ վերցուց եւ հրթիռներն ու զէնքերը անոնց տուներուն եւ գիւղերուն մէջ դրաւ»:
«Լիբանանցի ժողովուրդը վնասուելէ խուսափելու համար պէտք է լքէ որեւէ տուն, որ Հըզպալլայի առաջնագիծի վերածուած է», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Պիտի չկանգնինք, մինչեւ որ վերացնենք Իսրայէլի քաղաքացիներուն դէմ սպառնալիքը, եւ հիւսիսի բնակիչները խաղաղութեամբ իրենց տուները վերադառնան»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Բարդ օրերու շեմին ենք»: Ան աւելցուց. «Խոստացայ հիւսիսի մէջ ուժի հաւասարակշռութիւնը փոխել, եւ ճիշդ ատիկա է, որ կը կատարենք, եւ ան, որ կը փորձէ մեզի ցաւցնել, անոր աւելի կը ցաւցնենք»:
«Մենք կը քանդենք հազարաւոր հրթիռներ եւ ռումբեր, որոնք կը թիրախաւորեն իսրայէլեան քաղաքներն ու իսրայէլացի քաղաքացիները», ըսաւ ան:
Ապահովական աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնեցին. «Լիբանանի մէջ գործողութիւններուն մասնակցեցան հարիւրաւոր օդանաւեր, որոնք նոյն ժամանակին Հըզպալլայի դիրքեր ռմբակոծեցին»:
«Բանակը հետախուզութեան եւ օդուժի աջակցութեամբ տարիներ պատրաստուեցաւ այս յարձակումներուն», նշեցին աղբիւրները` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի երէկ առաւօտէն ի վեր պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ իր կեդրոնատեղիէն կը կառավարէ Լիբանանի վրայ յարձակումները:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Լիբանանէն մեծաթիւ հրթիռներու արձակումէն ետք Հայֆայի եւ Քարմելի մէջ զօրաւոր պայթումներու ձայներ կը լսուին»:
Հըզպալլան երէկ 8 հոկտեմբերին բախումներուն սկիզբէն ի վեր երկրորդ անգամ ըլլալով Հայֆայի մէջ իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերութեան համալիր մը հրթիռակոծեց, ինչպէս նաեւ հրթիռակոծեց հիւսիսային զօրամասի պահեստի կեդրոնատեղին, Գալիլիոյ զօրախումբի պահեստազօրի ռազմակայանն ու «Ամիտատ» ռազմակայանին մէջ անոր գումակային պահեստանոցները:
Երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին, իսրայէլեան ռմբաձիգները հարուածեցին Հարաւային արուարձաններու Պիր Ապըտ շրջանը: Հարուածին թիրախը Հըզպալլայի հարաւային ճակատի հրամանատար Ալի Քարաքին էր:
Կացութեան կտրուկ վատթարացման լոյսին տակ, ՖԻՆԻՒԼ իր բոլոր քաղաքային պաշտօնեաներուն կոչ ուղղեց` իրենց ընտանիքներուն հետ միասին Լիթանի գետէն հիւսիս ապահով վայրեր ուղղուելու:
Կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի, Նապաթիէի, Պաալպեք – Հերմել նահանգներու եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ դպրոցները, համալսարաններն ու թեքնիք վարժարանները երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օր փակ յայտարարեց: Աւելի ուշ ան յայտարարեց, որ այսօր ամբողջ Լիբանանի տարածքին կրթական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են 356 զոհեր եւ 1236 վիրաւորներ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ