Լիբանան՝ Ֆրանս-Ամերիկեան առաջարկը տակաւին սեղանի վրայ է
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը տեղեակ պահած են միջազգային եւ շրջանային այլ գործընկերներու հետ գործակցաբար Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկ ներկայացնելու իրենց մտադրութեան մասին:
«Իսրայէլ համաձայն է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած նախաձեռնութեան նպատակներուն` հիւսիսային մեր սահմանի երկայնքին մարդոց իրենց տուները ապահով վերադառնալ արտօնելու համար», նշեց գրասենեակը` նշելով. «Իսրայէլ կը գնահատէ այս առումով ամերիկեան ջանքերը, որովհետեւ շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման մէջ ամերիկեան դերակատարութիւնը անփոխարինելի է»:
«Մեր խումբը հինգշաբթի օր ժողով գումարեց` քննարկելու ամերիկեան նախաձեռնութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ամրապնդել մարդոց ապահով կերպով իրենց տուները վերադարձնելու հասարակաց նպատակը», յայտնեց Նեթանիահուի գրասենեակը` նշելով. «Յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակենք այդ քննարկումները»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի հետ քննարկեց Հըզպալլայի հետ զինադադարի համաձայնութեան կարեւորութիւնը»: «Մագլցումը պիտի բարդացնէ քաղաքայիններուն իրենց տուներ վերադարձը», շեշտեց նախարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Պլինքըն Տերմերի հետ քննարկած է Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու քայլերը:
Սպիտակ տունը նախապէս հաղորդած էր, որ ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն:
«Մենք չենք կարծեր, որ լուծումը համապարփակ պատերազմն է», նշեց Սպիտակ տունը` աւելցնելով. «Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու կոչը արձակուեցաւ Իսրայէլի հետ համակարգաբար»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին վերջին հաղորդագրութիւնը չմերժեց Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած նախաձեռնութիւնը»:
«Լիբանանի մէջ զինադադարի առաջարկը տակաւին սեղանի վրայ է, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը շարունակէ անոր վրայ աշխատիլ», ընդգծեց պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել` խուսափելու Լիբանան ցամաքային ներխուժումէն»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Զինադադարի առաջարկին Իսրայէլի հակազդեցութիւնը Սպիտակ տան սպասած մակարդակին վրայ չէր»` նշելով. «Իսրայէլի հակազդեցութիւնը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի առաջարկը այսքան մերժելուն պատճառին շուրջ հարցականներ ստեղծեց»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ այն կարծիքը ունի, որ զինադադարը ի նպաստ Հըզպալլայի պիտի ըլլայ եւ անոր պիտի արտօնէ իր շարքերը վերախմբել:
Անոնք նաեւ նշած են, որ Իսրայէլ որեւէ զինադադար հիւսիսի տեղահանուածները իրենց տուները վերադարձնելու նպատակին հակասող կը նկատէ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նշեց, որ Ֆրանսան դէմ է, որ Լիբանանը նոր Կազայի վերածուի, եւ Իսրայէլին կոչ ուղղեց` դադրեցնելու Հըզպալլայի վրայ իր յարձակումները եւ հակադարձելէ դադրելու:
Մաքրոն Մոնրէալի մէջ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ զինադադարի առաջարկի քննարկման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի գումարման նկատմամբ դրական տրամադրուած է` աւելցնելով. «Չեմ կարծեր, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի 21 օր տեւողութեամբ զինադադարի առաջարկին վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները կտրուկ են, եւ իսրայէլացիներուն հետ պիտի խօսինք անոր գործադրութիւնը երաշխաւորելու մասին»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Սաֆատ այցելութեան ընթացքին յայտնած է, որ իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ Հըզպալլան հարուածել մինչեւ հիւսիսի մէջ հանդարտութեան հաստատումը:
«Մենք հիմա ուժեղ կերպով կը հարուածենք, եւ պիտի կրկնապատկենք այդ ջանքը` հիւսիսի մէջ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար», նշած է Կալանթ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ՄԱԿ-ի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներու ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Իրան Լիբանանի մէջ համապարփակ պատերազմի մը նկատմամբ ձեռնածալ պիտի չմնայ:
Նեթանիահու երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մեր հիւսիսային սահմանին վրայ անգամ մը եւս Հըզպալլայի ներկայութիւնը պիտի չարտօնենք, ան դէպի մեր սահմաններ արշաւեց եւ այդտեղ փապուղիներ փորեց»:
«Հըզպալլան 8 հոկտեմբերէն ի վեր մեր վրայ աւելի քան 8000 հրթիռներ արձակեց, եւ պէտք է զայն պարտութեան մատնենք», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Մենք լիբանանցիներուն դէմ չենք կռուիր, այլ` Հըզպալլայի»:
«Հըզպալլայի յարձակումները Իսրայէլի մէջ ամբողջ քաղաքներ ուրուականներու քաղաքներու վերածեցին, եւ պէտք է զայն պարտութեան մատնենք», յայտնեց ան:
«Այնքան ատեն որ Հըզպալլան պատերազմի ուղին ընտրած է, Իսրայէլի դիմաց այլընտրանք պիտի չըլլայ», նշեց Նեթանիահու` յայտարարելով. «Իսրայէլ պիտի շարունակէ Լիբանանը հարուածել, մինչեւ որ մեր նպատակները իրագործենք»:
Նշենք, որ Հըզպալլան երէկ երկու անգամ հրթիռակոծեց Թիպերիատ քաղաքը: Հըզպալլան նաեւ հրթիռային յարձակումներ գործեց Հայֆայի եւ բռնագրաւեալ Կոլանի վրայ: Իսրայէլ իր կարգին 5-րդ օրն ըլլալով շարունակեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու վրայ իր օդային յարձակումները:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը գրեց. «Իսրայէլեան զինուորական շարասիւներ կը կուտակուին հիւսիսի մէջ` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի մէջ հաւանական ներթափանցման»: Իսրայէլացի ապահովական պատասխանատու մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Լիբանանի մէջ որեւէ ցամաքային գործողութիւն կարելի եղածին չափ կարճատեւ պիտի ըլլայ»:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» իր կարգին հաղորդեց, որ ապահովական պատասխանատու մը յայտնած է. «Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ ցամաքային որեւէ գործողութիւն ամէնէն կարճ ժամանակին մէջ պիտի գործադրուի, եւ անոր ամէն օր կը պատրաստուինք»:
«Իսրայէլ Հայոմ» ալ հաղորդեց, որ Պետութեան ճամբար կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանց յայտարարած է. «Թիւ 1701 որոշումը գործադրելու ձախողելէն ետք, Լիբանանի վրայ յարձակումը պէտք է ուժեղացնել, որովհետեւ ան պատասխանատու է իր հողերուն վրայ կատարուողին համար»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ