Մեսրոպեանի ուսուցիչները գումարեցին վերամուտի ընդհանուր ժողովը
19 Սեպտեմբեր 2024-ին կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմի վերամուտի ընդհանուր ժողովը, նախագահութեամբ Հայ կաթողիկէ Կրթական խորհուրդի փոխ-նախագահ Գերյարգելի Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ. վարդապետ Մուրատեանի:
Ժողովը բացուեցաւ Գերյարգելի հօր աղօթքով, որմէ ետք արտասանած իր խօսքին մէջ Հայր Գաբրիէլ շեշտեց քրիստոնէական ապրումին եւ գիտակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը Մեսրոպեանի աշակերտերուն դաստիարակութեան մէջ: Ապա ան յղումներ կատարելով Աւետարանին իր թելադրանքները փոխանցեց ուսուցիչներուն, որպէս օրինակները առաքեալներուն, որոնք լոյս եւ յոյս տարածեցին իրենց միջավայրին մէջ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, ուր ամփոփուած էին Մեսրոպեանի անցեալ՝ 85-ամեակի տարեշրջանի բոլոր իրագործումներն ու իրադարձութիւնները՝ վարժարանի գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ:
Խօսք առաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, որ նախ վեր բերաւ վարժարանի հիմնադիր հայր Կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմնի Պէյրութ վերադարձի եւ Աստուծոյ Ծառային սպասուող սրբադասման ազդեցութիւնը ընդհանրապէս հանրութեան եւ յատկապէս Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքին վրայ: Ան ըսաւ, որ այս իրադարձութիւնները յաւելեալ պարտաւորութիւն կը դնեն կրթական մշակներուն վրայ՝ իրենց աշխատանքը միշտ պահելու Աղաճանեան պատրիարքի հաստատած սկզբունքներուն եւ ակնկալութիւններու համահունչ:
Պարոն Գալուստ կարեւորեց անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամի դերակատարութիւնը որպէս կրթական ընտանիքին մէջ ընդօրինակելի կերպար՝ աշխատանքի բարոյականի, կանոներու յարգման, միջ-անձնային յարաբերութիւններու եւ այլ մակարդակներու վրայ: Ան ամբողջական արժեւորումը կատարեց անցեալ տարեշրջանի գործունէութեան, գոհունակութիւն արտայայտելով պետական քննութիւններուն արձանագրուած արդիւքներուն համար: Տնօրէնը իր ելոյթի վերջին մասով ներկայացուց անձնակազմի գործունէութեան ամբողջական ծրագիրը նոր տարեշրջանին համար:
Ապա խօսք առաւ տնօրէնի կրթական խորհրդատու ռոքթ. Քոլեթ Աուն, որ անդրադարձաւ Մեսրոպեանի՝ օմօլօկէ վարժարան դառնալու ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին եւ այդ ուղղութեամբ նոր տարեշրջանին նախատեսուած քայլերուն: Տոքթ. Աուն դիտել տուաւ, որ ուսուցիչներու արհեստավարժական պատրաստութիւնները տուած են գոհացուցիչ արդիւնքներ, եւ անոնք պիտի շարունակուին յառաջիկա տարիներուն:
Ժողովի աւարտական մասով իւրաքանչիւր բաժնի ուսուցիչները գումարեցին խմբակային առանձին հանդիպումներ, քննարկելով իրենց բաժիններուն վերաբերող մասնայատուկ հարցեր:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ