Որոնել

Լիբանան. Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Լիբանան. Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի   (AFP or licensors)

Միքաթի. «Պատերազմը որքան ալ երկարի, ի վերջոյ պիտի վերադառնանք թիւ 1701 որոշումին»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Արտակարգ իրավիճակներու կառավարական յանձնախումբի ժողովէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ «ներկայ ներքին տեղահանութիւնը Լիբանանի պատմութեան մեծ մեծագոյնն է»` աւելցնելով. «Կը նախատեսենք, որ հարաւային Լիբանանէն, Պեքաայէն ու Հարաւային արուարձաններէն տեղահանուածներուն թիւը հասնի մէկ միլիոնի»:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Արտակարգ իրավիճակներու կառավարական յանձնախումբի ժողովէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ «ներկայ ներքին տեղահանութիւնը Լիբանանի պատմութեան մեծ մեծագոյնն է»` աւելցնելով. «Կը նախատեսենք, որ հարաւային Լիբանանէն, Պեքաայէն ու Հարաւային արուարձաններէն տեղահանուածներուն թիւը հասնի մէկ միլիոնի»:

«Վերջին կոչս այն է, որ այսօր ոչ դիւրին կացութեան մէջ ենք, եւ իրարու հետ կը գործակցինք անցնելու համար այս փուլը` ըլլայ այդ դիւանագիտական, առօրեայ կեանքի կամ ապահովական մակարդակի վրայ: Վստահ եղէ՛ք, որ այս հարցը կը հետապնդենք, եւ Աստուած այս երկիրը պիտի փրկէ, եւ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով իր կատարած դիւանագիտական ջանքերուն մասին հարցումի մը` Միքաթի յայտնեց. «Մենք մէկ վայրկեան իսկ պիտի չթերանանք հետապնդելու դիւանագիտական դերը, եւ դիւանագիտականին այլընտրանքը չունինք: Տագնապի սկիզբէն ի վեր թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան մասին խօսեցանք, եւ ես հարցը նաեւ նշեցի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արտասանած խօսքիս մէջ, եւ մեր բոլոր կեցուածքները ատիկա կը հաստատեն: Պատերազմը որքան ալ երկարի, ի վերջոյ պիտի վերադառնանք թիւ 1701 որոշումին, ուրեմն արիւնը եւ բոլոր պատահածները խնայենք եւ համաձայնութեան գործադրութեան դիմենք: Բանակը այս հարցով պատրաստ է եւ անհրաժեշտ կարիքները կ՛ապահովենք, որպէսզի ներկայ ըլլայ: Բանակը այսօր ներկայ է սահմաններուն վրայ, եւ երբեմն չի կրնար ինքնիր սննդեղէնը ապահովել, որովհետեւ իրեն սննդեղէն ապահովող բեռնակառքերը յարձակումի կ՛ենթարկուին, ուստի մեր բոլոր հաղորդակցութիւնները այս որոշումի գործադրութեան վրայ կը կեդրոնանան»:

Ինչ կը վերաբերի քաթարեան եւ եգիպտական նոր նախաձեռնութեան մը մասին զրոյցներուն, վարչապետի պաշտօնակատարը ըսաւ. «Թափուող բոլոր ջանքերուն համար ալ շնորհակալ ենք: Չորեքշաբթի գիշեր Սպիտակ տունէն թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան գծով առիթ ստեղծելու համար 21 օր տեւողութեամբ զինադադարի վերաբերող կոչին մասին տեղեկացանք, եւ ես ողջունեցի այդ կոչը, անոր զօրակցեցայ եւ կոչ ուղղեցի` զայն եւ Ապահովութեան խորհուրդէն բխած թիւ 1701 եւ 2735 միջազգային որոշումները կարելի եղածին չափ շուտ գործադրելու: Լիբանանը տակաւին միջազգային ընտանիքին ու միջազգային օրէնքին կը հաւատայ, երբ ուրիշը միայն անտառի օրէնքին եւ տկարին իրաւունքը ուտող ուժի իրաւունքին միայն կը հաւատայ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իսրայէլեան կողմը պիտի ընդունի՞ թեկուզ ժամանակաւոր զինադադար հաստատել, Միքաթի ըսաւ. «Չեմ կրնար ինքզինքս իւրաքանչիւր օր ոճրային արարքներ գործողին տեղ դնել, սակայն կ՛ըսեմ, ըստ տրամաբանութեան ու խելքին, եւ մեկնելով միջազգային օրէնքին ու խաղաղութեան մեր կառչածութենէն, որ պէտք է այդ ընտրանքին դիմէ»:

Անդրադառնալով սուրիական կառավարութեան հետ հաղորդակցութեան` սուրիացի գաղթականներուն հարցով, որոնք ըսած են, թէ պէտք է Սուրիա մուտք գործելու համար 50 տոլար վճարեն, ըսաւ. «Ո՛չ, սուրիական կառավարութեան հետ կապ չհաստատեցի, եւ այս հարցը առաջին անգամ կը լսեմ: Կապ պիտի հաստատեմ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան հետ` այս հարցը Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան մօտ հետապնդելու համար»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը պատասխանելով հարցումի մը նշեց. «Մենք միշտ կոչ կ՛ուղղենք` բոլոր ճակատներուն վրայ զինադադար հաստատելու: 8 ամիսներէ ի վեր կ՛ըսենք, որ Կազայի մէջ զինադադարը ինքնաբերաբար կը դադրեցնէ Լիբանանի մէջ կրակոցը, եւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները կը վերադառնան, եւ հարցերը իրենց բնական վիճակին կը դառնան, եւ մեր ժամանակը կ՛առնենք ամբողջութեամբ գործադրելու թիւ 1701 որոշումը: Մեր կոչն է` բոլոր ճակատներուն վրայ զինադադար հաստատելու, եւ շրջանին մէջ անվտանգութիւն ու կայունութիւն կը հաստատուի: Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները գրեթէ դադրեցան, եւ այսօր մեր հետաքրքրութիւնը կեդրոնացած է Լիբանանի մէջ զինադադարին վրայ»:

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի մէկ օր առաջ ալ յայտարարած էր. «ՄԱԿ գացինք լուծումի հասնելու համար, սակայն թշնամին դաւաճանութեան եւ յաւելեալ ջարդերու ծրագրաւորման նպատակով գնաց»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2024, 08:00