Որոնել

Միշել Պառնիէ` Ֆրանսայի Նոր Վարչապետ Միշել Պառնիէ` Ֆրանսայի Նոր Վարչապետ  (ANSA)

Միշել Պառնիէ` Ֆրանսայի Նոր Վարչապետ

Միշել Պառնիէ` 1958-ին Հինգերորդ Հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր Ֆրանսայի ամէնէն տարեց վարչապետն է: Ան կը փոխարինէ Կապրիել Աթալը, որ ամէնէն երիտասարդ վարչապետն էր:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երկրի նոր վարչապետ նշանակած է Միշել Պառնիէն: Այս մասին կը յայտնէ «Պէ. ԷՖ. Էմ. Թէ. Վէ.»-ն:

Նոր վարչապետը ընտրուած է պետութեան ղեկավարին եւ հիմնական քաղաքական ուժերուն միջեւ շարք մը խորհրդակցութիւններէ ետք: 73 տարեկան գործիչը «Պրեքզիթ»-ի հարցով Եւրոպական Միութեան նախկին աւագ բանագնացն էր եւ 2016-2019 թուականներուն բանակցութիւններ վարած է Բրիտանիոյ կառավարութեան հետ:

Ան 1958-ին Հինգերորդ Հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր Ֆրանսայի ամէնէն տարեց վարչապետն է: Ան կը փոխարինէ Կապրիել Աթալը, որ ամէնէն երիտասարդ վարչապետն էր:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2024, 08:58