Որոնել

ֆրանսայի դրօշակ ֆրանսայի դրօշակ 

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Կը կոստանայ Հայաստանը պաշտպանել

Ֆրանսա կը պատրաստուի աջակցելու Հայաստանին ամէնէն տարբեր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ մարդասիրական բնագաւառին մէջ` 29 միլիոն եւրօ տրամադրելով գաղթականներու աջակցութեան: Բացի ատկէ, Ֆրանսա պիտի շարունակէ Հայաստանի ռազմավարական ենթակառոյցներու ամրապնդման ուղղուած աջակցութիւնը:

«Ֆրանսան միշտ Հայաստանի կողքին է: Ֆրանսայի մէջ շատ քիչ նիւթեր կան, որոնց շուրջ բոլոր քաղաքական ուժերը համակարծիք են, եւ Հայաստանը անոնցմէ մէկն է: Իմացէ՛ք, որ միշտ կրնաք ձեր յոյսը դնել մեր աջակցութեան վրայ»: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ:

«Հակառակ սպառնալիքներուն, հակառակ ակնյայտ թշնամանքին, որ Ռուսիան կը դրսեւորէ եւ կ՛ուզէ ճնշում գործադրել, Հայաստան կը շարունակէ իր ուղին դէպի ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն, փուլ առ փուլ յառաջ կ՛երթայ», ըսաւ Սեժուռնէ` շեշտելով, որ այս է պատճառը, որ Ֆրանսան նաեւ Ուքրանիոյ կ՛աջակցի:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը` նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է կարենայ պաշտպանել իր տարածքը, ամբողջականութիւնն ու բնակչութիւնը, եւ շեշտելով, որ երկու երկիրներու պաշտպանական համագործակցութիւնը ուղղուած չէ շրջանին մէջ կացութեան սրման, նման մտադրութիւն ոչ ոք ունի:

Ան աւելցուց, որ Ֆրանսա կը պատրաստուի աջակցելու Հայաստանին ամէնէն տարբեր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ մարդասիրական բնագաւառին մէջ` 29 միլիոն եւրօ տրամադրելով գաղթականներու աջակցութեան: Բացի ատկէ, Ֆրանսա պիտի շարունակէ Հայաստանի ռազմավարական ենթակառոյցներու ամրապնդման ուղղուած աջակցութիւնը:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Սթեֆան Սեժուռնէ նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստան իր այցելութիւնը հաստատուած է Ֆրանսայի նոր վարչապետին եւ նախագահին կողմէ:

«Կարելի է ըսել, որ ասիկա պետութեան յանձնառութեան շարունակականութիւնը կը դրսեւորէ, մեր պաշտպանած արժէքներու փոփոխութիւն պիտի չըլլայ: Մեր յարաբերութիւններու եւ աջակցութեան շարունակականութիւնը պիտի պահպանուի», նշեց ան` շեշտելով, որ թերեւս պաշտօնատարներու փոփոխութիւն կ՛ըլլայ, սակայն յանձնառութիւնը պիտի շարունակուի, ինչի մասին կը փաստէ նաեւ իր ներկայութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2024, 07:30