Եւրոպական Խորհուրդի արդարադատութեան նախարարները Ուքրանիոյ վերաբերեալ հռչակագիր որդեգրած են. Հայաստան չէ միացած
Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներու արդարադատութեան նախարարները «Ուքրանիոյ մէջ կատարուած միջազգային յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ» խորագիրով խորհրդաժողովի աւարտին հռչակագիր որդեգրած են:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` հռչակագիրին մէջ կը շեշտուի. «Մենք` Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարներս, հաւաքուած ենք Լիթուանիոյ Վիլնիուս քաղաքին մէջ` Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի Լիթուանիոյ նախագահութեան հովանիին տակ` լուծելու արդարադատութեան եւ հաշուետուողականութեան խնդիրները, որոնք կ՛առնչուին Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակումին»:
Հռչակագիրով նախարարները նախ ողջունած են Ուքրանիոյ կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան հոլովոյթը` ատիկա նկատելով միջազգային օրէնքի եւ միջազգային արդարադատութեան համար կարեւոր յառաջընթաց:
«Մենք վճռականօրէն կ՛աջակցինք Միջազգային քրէական դատարանի հետաքննութեան` նպատակ ունենալով պատասխանատուութեան ենթարկել Ուքրանիոյ տարածքին մէջ միջազգային յանցագործութիւններու մեղաւորները: Մենք բոլոր պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` աջակցելու դատարանին` համագործակցելու իր ընթացիկ հետաքննութեան եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ», նշուած է հռչակագիրին մէջ:
Միւս կէտով անոնք վերահաստատած են Ուքրանիոյ դէմ յանցագործութեան գործով յատուկ դատարանի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ արդարութիւն իրականացնել` պատասխանատուութեան ենթարկելով մեծագոյն պատասխանատուն:
Հրապարակուած է ցանկը անդամ եւ դիտորդ երկիրներու, որոնք աջակցած են հռչակագիրին: Անոնց շարքին են, օրինակ, Պելճիքան, Պուլկարիան, Քանատան, Իտալիան, Ճափոնը, Մոլտովան, Սպանիան, Զուիցերիան, Սան Մարինոն եւ այլ երկիրներ: Հայաստանը այդ ցանկին վրայ չէ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ