Որոնել

A vendor shows walkie-talkie devices without batteries at an electronic store in Sidon

«Փէյճըր»-ներու պայթեցումէն մէկ օր ետք. Լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ անթել հաղորդակցութեան սարքերու պայթումներ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պայթումներուն պատճառով արձանագրուած են 9 զոհեր եւ աւելի քան 300 վիրաւորներ:

Երէկ երեկոյեան, Պէյրութի եւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ անթել հաղորդակցութեան սարքեր պայթեցան: Կարգ մը սարքեր կը գտնուէին բնակարաններու մէջ, եւ անոնց պայթումը հրդեհներ յառաջացուց: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը նշեցին, որ 60 բնակարաններու մէջ հրդեհներ մարած են:

Երկու աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլ Հըզպալլայի անդամներու կողմէ Լիբանանի մէջ օգտագործուող հազարաւոր անթել հաղորդակցութեան սարքեր պայթեցուց»: Պայթեցուած սարքերը «Իքոմ Վի82» տիպի էին: Ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հըզպալլան զանոնք գնած է 5 ամիս առաջ` մօտաւորապէս մէկ օր առաջ պայթեցուած «Փէյճըր»-ները գնած ժամանակ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պայթումներուն պատճառով արձանագրուած են 9 զոհեր եւ աւելի քան 300 վիրաւորներ:

Երէկ երեկոյեան լիբանանեան բանակը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կանգառին մէջ պայթեցուց անթել հաղորդակցութեան սարք մը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի առողջապահութեան նախարարութիւն այցելելով յայտարարեց. «Ոչ մէկ մարդ կրնայ այս ոճիրին վայրագութիւնը նկարագրել: Մենք շարունակուող պատերազմի մէջ ենք»:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջեցինք», յայտարարեց Միքաթի:

Աւելի ուշ «Ռոյըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ուրբաթ օր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ժողով պիտի գումարէ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ անթել հաղորդակցութեան միջոցներու պայթեցման հարցը:

«Աքսիոս» նշեց. «Այսօրուան պայթումները տեղի ունեցան այն գնահատումէն ետք, որ երէկուան պայթումներուն շուրջ Հըզպալլայի հետաքննութիւնը պիտի բացայայտէ անթել հաղորդակցութեան սարքերուն ներթափանցուած ըլլալը»:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2024, 08:35