Որոնել

>>>ANSA/ ISRAELE SI PREPARA ALLA FASE 3, 'GUERRA PROSEGUIR� NEL 2024'

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը Իսրայէլէն պահանջեց վերջ տալ Պաղեստինեան հողերու իր բռնագրաւումին

Որոշումը որդեգրուեցաւ 124 թեր, 14 դէմ եւ 43 ձեռնպահ քուէներով: Դէմ քուէարկած երկիրներու շարքին էին Միացեալ Նահանգները, Արժանթինը, Փարակուէյը, Հունգարիան եւ Չեխիան:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց որոշում մը, որ Իսրայէլէն կը պահանջէ 12 ամիսէն վերջ տալ «պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերուն վրայ իր ապօրինի ներկայութեան»` հիմնուելով Միջազգային արդարադատութեան դատարանէն այս առիթով խնդրուած վճիռին վրայ:

Որոշումը որդեգրուեցաւ 124 թեր, 14 դէմ եւ 43 ձեռնպահ քուէներով: Դէմ քուէարկած երկիրներու շարքին էին Միացեալ Նահանգները, Արժանթինը, Փարակուէյը, Հունգարիան եւ Չեխիան:

Որոշումը Իսրայէլէն կը պահանջէ իր բոլոր ուժերը հեռացնել պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերէն եւ վերջ տալ իր ապօրինի քաղաքականութեան ու աշխատանքներուն, ներառեալ անմիջապէս դադրեցնել բնակեցման նոր վայրերու կառուցման ախատանքները, պարպել բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ գտնուող բնակեցման վայրերը, կազմաքանդել իր կառուցած ցեղային զատման պատը եւ վերադարձնել բոլոր հողերը, անշարժ կալուածներն ու դրամատնային հաշիւները, զորս 1967-էն ի վեր գրաւած է:

Որոշումը նաեւ կը պահանջէ բռնագրաւումի ընթացքին տեղահանուած բոլոր պաղեստինցիներուն արտօնել իրենց բնակավայրերը վերադառնալ եւ չխոչընդոտել պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, ներառեալ պաղեստինեան բռնագրաւուած ամբողջ հողին վրայ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն ստեղծելու անոր իրաւունքը:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը ողջունեց որոշումը եւ քուէարկութեան արդիւնքը նկատեց պաղեստինցի ժողովուդին ու անոր օրինական իրաւունքներուն զօրակցող միջազգային իսկական կամքի արտացոլացումը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդգծեց «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի մէկ տարուան ընթացքին պաղեստինեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալը պահանջող որոշումի որդեգրման մեծ կարեւորութիւնը»:

«ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 124 պետութիւններու անոր ի նպաստ քուէարկութեամբ ուժեղ կերպով հաստատեց իր յանձնառութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, ներառեալ անոր իրաւունքը ունենալու գերիշխան անկախ պետութիւն մը, որ խաղաղ եւ անվտանգ կերպով Իսրայէլի հետ կողք-կողքի կ՛ապրի, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ Ընդհանուր ժողովի առնչակից որոշումներուն հիմամբ», նշեց Պորել:

Ան շեշտեց «հաստատ դիրքորոշումը Եւրոպական Միութեան, որ 1967 թուականի սահմաններուն վրայ կատարուած փոփոխութիւնները պիտի չճանչնայ, ո՛չ ալ 1967 թուականէն ի վեր բռնագրաւուած հողերուն վրայ իսրայէլեան գերիշխանութիւնը, եթէ կողմերը այդ առնչութեամբ համաձայնութիւն չգոյացնեն»` վերահաստատելով «Եւրոպական Միութեան տեւական եւ կենսունակ խաղաղութեան կոչը»:

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2024, 08:38