Միացեալ Նահանգները կը կիսէ Ատրպէյճանի ընտրութիւններուն վերաբերող ԵԱՀԿի դիտորդներուն մտահոգութիւնը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խօսելով 1 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասին՝ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները կը կիսէ ընտրութիւններուն վերաբերող ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին (ԺՀՄԻԳ) մտահոգութիւնները:
«Մենք Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք՝ կատարելու ԵԱՀԿի նախկին յանձնարարականները, ինչպէս նաեւ այն առաջարկները, որոնք մենք կը կարծենք, թէ պիտի ընդունուին մօտիկ ապագային, եւ ապահովելու ժողովուրդի հիմնարար ազատութիւնները՝ ըստ սահմանադրութեան եւ միջազգային պարտաւորութիւններու»:
ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի դիտորդական առաքելութեան դիտորդները յայտարարած էին, որ ընտրութիւնները մրցակցային չեն եղած, այլ իրականացած են հիմնարար ազատութիւններու խախտումներով:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ