Հայ-Ազրպէյճանական սահմանազատման յանձնախումբերու կանոնակարգը ուղարկուած է սահմանադրական դատարան
Հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման յանձնախումբերու կանոնակարգը, որուն անցեալ շաբաթ հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի կառավարութիւնը, ուղարկուած է Սահմանադրական դատարան` ատոր սահմանադրականութիւնը ստուգելու համար:
Աւելի կանուխ յայտարարուած էր, որ Սահմանադրական դատարանի այդ քննարկումներուն ընթացքին կառավարութեան ներկայացուցիչը փոխվարչապետ, սահմանազատման հայկական յանձնախումբի նախագահ Մհեր Գրիգորեանը պիտի ըլլայ:
Սահմանադրական դատարանի դրական որոշման պարագային փաստաթուղթը կառավարութիւնը պիտի ուղարկէ Ազգային ժողով` վաւերացման:
Կանոնակարգը սահմանուած ժամկէտէն երկու ամիս ուշ ստորագրուեցաւ, բնագիրը հրապարակուեցաւ անկէ միայն երկու օր ետք: Գործադիրը պարզաբանեց, թէ բովանդակութեան գաղտնազերծման ուշացումը կապուած է նաեւ Ազրպէյճանի հետ գործընթացը ըստ կարելւոյն համակարգելու անհրաժեշտութեան հետ:
Ըստ այս փաստաթուղթի, Երեւանն ու Պաքուն համաձայնած են սահմանազատումը իրականացնել 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ, բայց այդ համաձայնութիւնը վերջնական չէ: Կանոնակարգին մէջ կը նշուի` գործընթացը կարելի է հետագային` խաղաղութեան համաձայնագիրի ընդունումէն ետք, այլ սկզբունքներով ընթանայ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ