Որոնել

Կազա, պայտերազմ, անչափահասներ Կազա, պայտերազմ, անչափահասներ  (ANSA)

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի տնօրէնը ցնցուած է Լիբանանի լուրերէն։

Իքս-ի վրայ ԻՒՆԻՍԵՖ-ի տնօրէնին գրառումը Լիբանանի ներկայ իրավիճակի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի ընդհանուր տնօրէն, Քաթերին Ռասէլ Իքսի վրայ գրառում կատարելով տեղեկացուց, որ ցնցուած է Լիբանանին մէջ այս վերջին շաբթուան ընթացքին յարձակումներու հետեւանքով հինգ մանուկներուն սպանութեան եւ մի քանի վիրաւորներուն լուրերէն։

Վերջին 11 ամիսներուն ընթացքին առնուազն զոհուած է 25 մանուկներ եւ աւելի քան 200 վիրաւորուած ։ Յարձակումները բազմաթիւ երեխաները կը դնէ մահուան, վախի տակ։ Գործողութիւններուն աճը կը սպառնայ մանուկներուն Լիբանանի եւ անոր սահմաններէն դուրս։ Պէտք է, որ դադարուի հիմա։ Գրած է ԻՒՆԻՍԵՖ-ի տնօրէնը։

ԻՒՆԵՍԵՖը եւ ՖԱՕը եւ այլ  միջազգային կազմակերպութիւններ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան բռնագրաւուած տարածքներուն վերաբերեալ  կատարած յայտարարութեան մէջ նշուի, որ Կազայի մէջ սպաննուած են աւելի քան 41000 պաղեստինցիներ, որոնց մեծամասնութիւնը քաղաքացիներ ու ընտանիքներ են ու վիրաւորուած են աւելի քան 95000 անձեր։ Կ՝ենթադրուի, որ Կազայի մէջ շուրջ 22500 վիրաւորուած անձերը պահանջը ունին վերականգնողական եւ մասնագիտական խնամքի, նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2024, 11:37