Ալիեւ կը սպառնայ Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութեամբ մը. Երեւան կը մեղադրէ Պաքուն նոր յարձակում մը ծրագրելու մէջ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ուրբաթ օրը բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքները այցելութեան ընթացքին սպառնաց Հայաստանին`ըսելով. «Չմոռնալ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի պատմութիւնը» եւ «հակաահաբեկչական գործողութիւնները»՝ ակնարկելով Ատրպէյճանի Արցախի վրայ վերջին յարձակումը, որ պատճառ դարձաւ Արցախի հայաթափման:
«Մէկ կողմէ կը խօսին խաղաղութեան մասին, կը ստեն, միւս կողմէ` լայնածաւալ սպառազինութիւն ձեռք կը բերեն: Ո՞վ զէնք կու տայ անոնց. Ֆրանսան եւ այլ հակաատրպէյճան երկիրներ… այսօր անոնք պէտք է հանգիստ ձգեն Հարաւային Կովկասը, յանձնուին, երթան եւ զբաղին իրենց գործերով, խնդիրներով… Ասիկա իմ նախազգուշացումս է», յայտնեց Ալիեւ, ըստ որուն, «Հայաստան միացած է վտանգաւոր խաղերուն եւ պէտք չէ մոռնայ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի պատմութիւնը»:
«Մենք մեր ուզածին հասանք` առանց ոեւէ մէկէ վախնալու, ոեւէ մէկուն հաշիւը ընելու։ Թող չմոռնան Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի պատմութիւնը: Թող չմոռնան, թէ ինչպէ՛ս մեզմէ ծնրադիր ողորմութիւն կ՛աղաչէին, ինչպէ՛ս օրական տասն անգամ բարձրագոյն մակարդակով կը դիմէին Ռուսիոյ՝ խնդրելով դադրեցնել պատերազմը: Թող չմոռնան հակաահաբեկչական գործողութեան մասին: Չմոռնան, որ նոյնիսկ այդ աշխարհագրական պայմաններուն մէջ մենք կրցանք հասնիլ մեր ուզածին` արմատախիլ ընելով անջատողականութիւնը ընդամէնը քանի մը ժամուան մէջ», ըսաւ Ալիեւ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան, արձագանգելով Ալիեւի յայտարարութեան, ըսաւ, որ Հայաստան սպառազինութիւն եւ զինամթերք ձեռք կը բերէ միայն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը եւ սեփական քաղաքացիներու պաշտպանութեան պարտաւորութիւնը իրականացնելու նպատակով:
Բադալեան տուաի հետեւեալ մանրամասն պատասխանը.
«Պաշտօնական Երեւանն արդէն բազմիցս եւ ամենաբարձր մակարդակով յայտարարել է, որ որեւէ հարեւանի նկատմամբ ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) մտադրութիւններ չունի, ճանաչում է նրանց բոլորի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ տարածքային պահանջներ չունի:
«Պէտք է ընդգծել, որ ՀՀ Սահմանադրական դատարանի վերջին որոշումը, որով Բարձր դատարանը ստուգեց եւ հաստատեց Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմանազատման յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան կանոնակարգի համապատասխանութիւնը ՀՀ Սահմանադրութեանը եւ հերքեց բոլոր այն պնդումները, թէ ՀՀ Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ է պարունակում իր որեւէ հարեւանի նկատմամբ:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտարարել է նաեւ, որ չնայած իր որոշակի տարածքներ օկուպացուած (գրաւուած) են, այդ տարածքները ռազմական ճանապարհով վերադարձնելու խնդիր եւ օրակարգ չունի, որովհետեւ Սահմանազատման յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան վերը յիշատակուած կանոնակարգը տալիս է այդ խնդիրները խաղաղ, բանակցային ճանապարհով հասցէագրելու եւ լուծելու բոլոր հնարաւորութիւնները:
«Ինչ վերաբերում է սպառազինութիւններին, ՄԱԿի կանոնադրութիւնը իւրաքանչիւր պետութեան ինքնապաշտպանութեան իրաւունք է վերապահում: Աւելին, միջազգային իրաւունքը իւրաքանչիւր պետութեան իր քաղաքացիներին պաշտպանելու պարտաւորութեամբ է օժտում: Հայաստանը սպառազինութիւն եւ տեխնիկա (ճաչտարարուեստական միջոցներ) ձեռք է բերում միայն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը եւ սեփական քաղաքացիների պաշտպանութեան պարտաւորութիւնն իրացնելու նպատակով: Սրան զուգահեռ` Ադրբեջանի յարձակողական զինատեսակներով սպառազինման ծաւալներն անգամներով աւելին են, ինչի մասին յաճախ յայտարարում է Ադրբեջանի նախագահը:
«Հիմա այս ամէնի հաշուառումով հարց է ծագում. ինչո՞ւ է Ադրբեջանը ձեր հարցի մէջ յիշատակուած շեշտադրումներն անում: Միթէ՞ ագրեսիա (յարձակում) է նախապատրաստում Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Կարծում եմ` այս հարցի պատասխանը ստանալը կարեւոր է, որովհետեւ դա կ՛օգնի նաեւ գնահատել հնչող այն տեսակէտները, թէ Ադրբեջանը պատրաստւում է առաջիկայում Բաքւում կայանալիք COP-29 համաժողովն օգտագործել որպէս ծխածածկոյթ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ նոր ռազմական ագրեսիա ծաւալելու, եւ դրա քաղաքական պատասխանատուութիւնը COP-29-ին մասնակցելու համար Բաքու մեկնած օտարերկրեայ առաջնորդների միջեւ բաշխելու համար: Պաշտօնական Բաքուի վերջին շրջանի յայտարարութիւններն առնուազն մի շարք կարեւոր հարցեր եւս առաջացնում են եւ դրանցից եւս երկուսը ուզում եմ հնչեցնել.
«ա) Արդեօ՞ք Ադրբեջանը հրաժարւում է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնն Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ ճանաչելու պայմանաւորուածութիւններից: Կրկին ընդգծեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերահաստատում է իր հաւատարմութիւնն Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ, այսինքն` Խորհրդային Հանրապետութիւնների վարչական սահմաններով միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ճանաչելու` Ադրբեջանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեանը:
«բ) Արդեօք Ադրբեջանը հրաժարւո՞ւմ է Խաղաղութեան օրակարգից: Ասեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերահաստատում է իր հաւատարմութիւնը Խաղաղութեան օրակարգին, եւ պատրաստակամութիւնը ստորագրել Ադրբեջանի հետ արդէն իսկ համաձայնեցուած խաղաղութեան բովանդակութիւնը որպէս խաղաղութեան պայմանագիր, ինչի մասին ՀՀ վարչապետը յայտնել է ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովի 79րդ նստաշրջանում իր ունեցած ելոյթում:
«Կարծում ենք ագրեսիւ հռետորաբանութեան փոխարէն պէտք է կենտրոնանանք Խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հարցը շուտափոյթ լուծելու եւ միւս հարցերի շուրջ ոչ միայն դէ ֆակտօ (իրողապէս), այլեւ դէ իւրէ (իրաւապէս) խաղաղութեան պայմաններում բանակցելու վրայ»:
Հայաստանին մեղադրանքներ ուղղեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ՝ դիտել տալով, որ Հայաստան պէտք է հետաքննէ եւ պատժէ բոլոր ռազմական յանցագործները՝ նշելով, թէ «բռնագրաւումէ ազատագրուած» գիւղերէն մէկուն մէջ նոր զանգուածային գերեզմաններ յայտնաբերուած են:
«Հայաստանը մինչեւ օրս չէ պատժած այս յանցագործութիւններուն համար պատասխանատու գէթ մէկ անձ, փոխարէնը զանոնք պարգեւատրուած են», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Հաճիեւ` նշելով, թէ Հայաստան կը պահէ զանգուածային գերեզմաններու գտնուելու վայրին մասին տեղեկութիւնները:
«Հայաստան պէտք է ցոյց տայ իր իսկական հաւատարմութիւնը արդարութեան եւ խաղաղութեան` ընդունելով այս բոլոր յանցագործութիւններուն համար պետութեան պատասխանատուութիւնը եւ համապատասխանաբար հետաքննելով եւ պատասխանատուութեան ենթարկելով ռազմական յանցագործները», գրած է Հաճիեւ։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ