Անգարայի մէջ անօդաչու թռչող սարքերու ընկերութեան վրայ յարձակում
Անգարայի մէջ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող ընկերութեան մը կեդրոնատեղիին վրայ ահաբեկչական յարձակումի պատճառով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա յայտարարեց, որ Անգարայի մէջ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող ընկերութեան մը կեդրոնատեղիին վրայ ահաբեկչական յարձակումի պատճառով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Թուսաշ» ընկերութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է ուժեղ պայթում մը, որմէ ետք շրջանին մէջ կրակոց արձակուած է:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
24/10/2024, 07:30