Որոնել

Անիի Ապուղամրեց եկեղեցւոյ պատերու մաքրութեան աշխատանք  կը կատարուի Անիի Ապուղամրեց եկեղեցւոյ պատերու մաքրութեան աշխատանք կը կատարուի 

Անիի Ապուղամրեց եկեղեցւոյ պատերու մաքրութեան աշխատանք կը կատարուի

Այս ծիրէն ներս սկսած են նաեւ Անիի Ապուղամրենց Սուրբ Գրիգոր հայկական եկեղեցւոյ պատերը մաքրելու աշխատանքներ։

Անիի մէջ ծայր առած պեղումներու հետ միաժամանակ կը կատարուին նաեւ պատմական յուշարձանները եւ շրջակայ միջավայրը մաքրելու աշխատանքներ։

Այս ծիրէն ներս սկսած են նաեւ Անիի Ապուղամրենց Սուրբ Գրիգոր հայկական եկեղեցւոյ պատերը մաքրելու աշխատանքներ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ միջոցէ մը ի վեր աշխատանք կը տարուի Անիի Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ պատերու գրութիւնները մաքրելու համար։ Մասնագէտներ կ'աշխատին ու կը փորձեն «վերացնել» այն գրութիւնները, որոնք զանազաններու կողմէ փորագրուած են իբրեւ «յիշատակ» հոն այցելելու մասին։ Այս գործընթացը կը կատարուի Անիի աւերակներուն մէջ սկսած պեղումներու շրջագծով։ 

Կովկասի համալսարանի դասախօս Մուհամմետ Արսլան, որու ղեկավարութեամբ կ'իրագործուին Անիի պեղումները, խօսեցաւ Անատոլու գործակալութեան թղթակցին եւ պատմեց որ վերոյիշեալ եկեղեցին կառուցուած է 10րդ դարավերջին։ Ան շեշտեց որ ամէն մարդ եւ յատկապէս հասուն տարիքի անձեր, տէր պէտք է կանգնին մշակութային արժէքներուն, նշեց պատմական յուշարձաններու պահպանութեան մասին հասարակութեան մէջ գիտակցութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւնը։

Արսլան յատկապէս ընդգծեց հետեւեալը. «“Կը պահանջենք, որ բոլորը պահպանեն Անիի յուշարձանները, մշակութային հարստութիւնները։ Կը նախազգուշացնենք, որ վնաս չհասցնեն այս պատմական կառոյցներուն։ Անին մեր բոլորին կը պատկանի։ Անկախ անկէ, թէ ան ո՛ր քաղաքակրթութեան կը պատկանի՝ այս վայրը կը գտնուի ամէնուս պատասխանատւութեան ներքեւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 07:00