Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են` ազատ արձակելու բոլոր անարդարացիօրէն ձերբակալուածները
Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն` պահպանելու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պարտաւորութիւնները, վերացնելու բժիշկ Կոպատ Իպատօղլուի նկատմամբ սահմանափակումները եւ ազատ արձակելու բոլոր անարդարացիօրէն ձերբակալուածները:
Այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառումին մէջ:
«Դեսպան Լիպպի այսօր հանդիպած է տոքթոր Կուպատ Իպատօղլուի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած անոր առողջական վիճակին վերաբերեալ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
53 տարեկան Իպատօղլու բանտարկուած էր անցեալ տարուընէ` Ալիեւի ընտանիքի փտածութեան գործարքներու մասին հրապարակումներուն պատճառով:
Արեւմուտքի շարունակական քննադատութիւններէն ետք այս տարուան ապրիլին անոր խափանման միջոցը փոխուեցաւ տնային կալանքի:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ