Հնագէտներ կը յայտնաբերեն Հայաստանի ամենէն հին եկեղեցին
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ եւ Գերմանիոյ Միւնսթերի համալսարանի հնագէտները Հայաստանի հնագոյն Արտաշատ քաղաքին մէջ յայտնաբերեցին նախապէս անծանօթ վաղ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մը մնացորդները։
Ութանկիւն շինութիւնը՝ խաչաձեւ շառաւիղ տարածութիւններ ունի։ Գիտնականներու խումբը պեղած է եկեղեցւոյ մէկ մասը եւ զայն ուսումնասիրած է:
«Չորրորդ դարու շինութիւնը երկրի հնագիտական կերպով փաստագրուած ամէնէն հին եկեղեցին է, որ կը ներկայացնէ վաղ քրիստոնէութեան զգայացունց ապացոյցները Հայաստանի մէջ», կ՛ըսէ Միւնսթերի համալսարանի դասախօս Ախիմ Լիխթենպերկեր:
«Ութանկիւն եկեղեցիները հոս ցարդ անծանօթ էին, բայց մեզի շատ ծանօթ է Արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանէն, ուր անոնք առաջին անգամ յայտնուած են 4րդ դարուն», կ՛աւելցնէ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ դոկտոր Մկրտիչ Զարդարեան:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ