Որոնել

 ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը 

Հայաստան միացած է ՖԻՆԻՒԼ-ին աջակցող նիացեալ յայտարարութեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ Հայաստան ստորագրած է ՖԻՆԻՒԼ-ին աջակցող միացեալ յայտարարութիւնը:

Առնուազն 40 պետութիւններ «ամբողջական» զօրակցութիւն յայտնեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին, եւ յորդորեցին պաշտպանել անոր անդամները, որոնցմէ 5-ը չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր վիրաւորուած էին:

ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից պետութիւնները Լեհաստանի նախաձեռնութեամբ իրենց հրապարակած նամակին մէջ յայտնեցին. «Տագնապին կողմերը կը յորդորենք յարգելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը, ինչ որ կը պահանջէ ամէն պահու երաշխաւորել անոր պաշտօնեաներուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը»:

Նշենք, որ Իսրայէլ ուրբաթ օր սուր քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ իր բանակին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի իրերայաջորդ եւ դիտաւորեալ թիրախաւորման համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ Հայաստան ստորագրած է ՖԻՆԻՒԼ-ին աջակցող միացեալ յայտարարութիւնը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով պետական նախարար Հէյմիշ Ֆայլքնըր յայտնեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը կենսական է` նկատի ունենալով շրջանին մէջ կացութեան մագլցումը»:

«Մենք մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողքին կը դատապարտենք անոր պատկանող խաղաղապահ ուժերուն վրայ վերջին յարձակումները», նշեց ան:

Ֆոլքնըր նաեւ նշեց. «Պէտք է յարձակումները անմիջապէս դադրեցնել եւ յարգել միջազգային մարդասիրական օրէնքը»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին յղեց նամակ մը` կոչ ուղղելով «ՖԻՆԻՒԼ-ը հարաւային Լիբանանէն հեռացնել»:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը Լիբանանի հարաւէն հեռացնել մերժելը կը նշանակէ զանոնք Հըզպալլայի ձեռքերուն մէջ պատանդ ձգել, եւ ատիկա անոնց կեանքերն ու մեր զինուորներու կեանքերը կը վտանգէ», նշեց Նեթանիահու:

Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իր դիրքերն ու ուժերը իսրայէլեան նոր յարձակումներու ենթարկուած են: ՖԻՆԻՒԼ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 4:43-ին իսրայէլեան բանակի «Միրքաւա» տիպի երկու հրասայլեր քանդած են Ռամիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքին գլխաւոր դարպասը եւ այնտեղ մուտք գործած` պահանջելով մարել դիրքին լոյսերը, ապա 45 վայրկեան ետք հեռացած են: Առաւօտեան ժամը 6:40-ին ՖԻՆԻՒԼ-ի նոյն դիրքին մէջ գտնուող զինուորները հաղորդած են հիւսիսէն 100 մեթր հեռաւորութենէն կրակոցի մասին, որուն պատճառով թանձր ծուխ բարձրացած է եւ 15 զինուորներ մորթի բորբոքում ու ստամոքսի խանգարում ունեցած են:

Մէկ օր առաջ ալ իսրայէլացի զինուորներ Մէյս Ժապալի մօտ կանգնեցուցած են ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու գումակային շատ կարեւոր շարժում մը, եւ արգելք հանդիսացած, որ իրենց ճամբան շարունակեն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2024, 08:49