Երեւանի մէջ. Լիբանանահայ հայորդիներ զօրակցութեան արշաւ մը սկսած են
Խումբը մը լիբանանահայեր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած են՝ նպատակ ունենալով օժանդակութիւն հաւաքել պատերազմին հետեւանքով գաղթական դարձած իրենց համաքաղաքացիներուն համար։
«Արեւելքի»ի Երեւանի աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ լիբանանահայերը հաւաքուած են Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ եւ յայտարարած մեկնարկը իրենց նախաձեռնութեան։
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն՝ Լուսինէ Տագէսեան, որ խօսեցաւ «Արեւելք»ին մասնաւորապէս նշեց, որ սոյն նախաձեռնութեան նպատակը խորհրդանշական ըլլալով հանդերձ իր մէջ կը պարունակէ յստակ պատգամներ։
«Մենք դէմ ենք այս պատերազմին»,- ըսաւ ան, յոյս յայտնելով որ հայրենի հասարակութիւնը եւս կը միանայ իրենց աշխատանքներուն։
Լուսինէ նաեւ նշեց, որ մասնակիցները նիւթական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն եւ իրենց հաւաքած գումարները պիտի առաքեն Լիբանանի «Կարմիր Խաչ»ին, որ այս օրերուն կարեւոր եւ նուիրական աշխատանք կը կատարէ։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը այսօր բոլորեց իր 10-րդ օրը։Լիբանանի տարբեր շրջաններ եւ յատկապէս Պէյրութի հարաւային արուարձանը դարձած են պատերազմական գօտի։
Կան հարիւրաւոր զոհեր, իսկ հարաւի հազարաւոր բնակիչներ յայտնուած են անպատսպար վիճակներու մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ