Որոնել

Ռուբէն Վարդանեան Ռուբէն Վարդանեան 

Պաքու նաեւ Ռուբէն Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգեց

Պաքու Վարդանեանը կը մեղադրէ «Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, ապօրինի զինեալ խմբաւորումներ ստեղծելու եւ Ազրպէյճանի սահմանը ապօրինի կերպով կտրելու յօդուածներով»:

Պաքուի դատարանը երէկ երկարաձգած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Արցախի նախկին պետական նախարարը Ազրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ ձերբակալուած էր 27 սեպտեմբեր 2023-ին Հագարիի կամուրջի անցակէտին վրայ` Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումէն եւ Արցախի Հանրապետութեան լուծարումէն ետք: Պաքու Վարդանեանը կը մեղադրէ «Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, ապօրինի զինեալ խմբաւորումներ ստեղծելու եւ Ազրպէյճանի սահմանը ապօրինի կերպով կտրելու յօդուածներով»:

Պաքու օրեր առաջ հաղորդեց, որ երկարաձգած է Արցախի վրայ 19 սեպտեմբեր 2023-ի զինուորական յարձակումին հետեւանքով գերեվարուած Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարի տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ միւսներու կալանքի ժամկէտը:

Պաքուն անոնց եւս ծանր մեղադրանքներ առաջադրած է` ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու կազմութիւն: Եթէ դատարանը այդ մեղադրանքները հաստատէ, անոնք կրնան մինչեւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Հոկտեմբերին Ազրպէյճանը Արցախի նախկին պաշտօնատարներուն նոր մեղադրանք առաջադրեց` պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացում:

Յարուցուած քրէական գործերու նախաքննութիւնը աւարտած է, նիւթերը, սակայն, տակաւին դատարան չեն ուղարկուած:

«Հիմա քրէական գործի նիւթերուն ծանօթանալու փուլն է: Ատիկա բաւական շատ ժամանակ կը պահանջէ, որովհետեւ վնասուողները շատ են: Մեղադրանքները բաւական լուրջ են` անոնք անջատողականութեան, մեր պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման մեղադրանքներ են», ըսած էր Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւը` չյստակացնելով, թէ գործերը ե՛րբ պիտի հասնին դատարան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2024, 07:03