Որոնել

Երեւան Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները «3+3» հարթակին մէջ Երեւան Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները «3+3» հարթակին մէջ 

Երեւան Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները «3+3» հարթակին մէջ շարունակելը նպատակայարմար չի նկատեր

Երեւան նպատակայարմար չի նկատեր Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները «3+3» հարթակին մէջ շարունակելը։ 23 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ այս մասին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Երեւան նպատակայարմար չի նկատեր Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները «3+3» հարթակին մէջ շարունակելը։ 23 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ այս մասին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ աշխատանքը այդ հարթակին վրայ աւարտելու առաջարկը Մոսկուա, Անգարա եւ Թեհրան նախորդ շաբաթ կողմերուն ներկայացուցին  «3+3» հարթակի ժողովին ընթացքին։

Միրզոյեան պնդեց, թէ, ըստ էութեան, այլեւս սեղանին այդպիսի առաջարկ մը չկայ: Պաքուէն, ցարդ հրապարակային կերպով չեն արձագանգած:

«Եւ եթէ լինի էլ, մենք նպատակայարմար չենք գտնում դրան դրական արձագանգել, որովհետեւ մենք Ադրբեջանի հետ ունենք երկկողմ բանակցութիւնների ձեւաչափ, ընդ որում, բոլոր ուղղութիւններով` ե՛ւ սահմանազատման, ե՛ւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, ե՛ւ յարաբերութիւնների կարգաւորման», ըսաւ Միրզոյեան, այդուհանդերձ ընդգծելով, թէ այդ հարթակը եւ տարածաշրջանի պաշտօնակիցներուն հետ յարաբերութիւնները կարեւոր են, առ այդ, հետագային եւս պիտի մասնակցին այդ ձեւաչափով քննարկումներուն:

Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ այդ ծիրին մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումին` առանց էական մանրամասնութիւններ յայտնելու:

«Մենք ունեցանք բանակցութիւնների հերթական ռաունդը (խաղամիջոցը), կենտրոնացանք խաղաղութեան պայմանագրի տեքստի (բնագիրին) վրայ, փորձեցինք էլի դրական զարգացում ապահովել եւ մօտեցնել հնարաւոր շուտափոյթ պայմանագրի կնքումը», ըսաւ ան:

Այդ հանդիպումէն ետք Պաքու կը շարունակէ պահանջներ ներկայացնել Երեւանին, Միրզոյեան ինչպէ՞ս կը վերաբերի այս կացութեան հետ հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Միրզոյեան ըսաւ, թէ ասիկա Երեւանը պիտի չշեղէ օր առաջ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու օրակարգէն եւ կոչ ուղղեց Պաքուին առաւել կառուցողական ներգրաւուելու բանակցութիւններուն մէջ:

Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին: Նախորդ շաբաթ, Պոլսոյ մէջ Միրզոյեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Միրզոյեան յայտնեց, որ իրենք բովանդակային քննարկում մը ունեցան թէ՛ երկկողմ եւ թէ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Միրզոյեան ըսաւ հետեւեալը. «Ես զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը յայտնեմ, թերեւս այս անգամ մի փոքր աւելի պակաս զգուշաւոր եւ մի փոքր աւելի շատ հաստատ լաւատեսութիւն: Մեր խօսակցութիւնը բաւականին դրական բովանդակութիւն ունի եւ յոյսս այն է, որ շատ մօտ ապագայում մենք կը տեսնենք նոր, յետոյ էլի նոր շօշափելի ձեռքբերումներ»:

Միրզոյեան չյայտնեց, թէ յառաջիկային ի՛նչ յառաջընթաց կ՛ակնկալուի, իսկ մինչ այս յառաջընթաց նկատեց օդային տարածքի օգտագործումը: Թէեւ մինչեւ այսօր երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար սահմանը բանալու պայմանաւորուածութիւնը կեանքի չէ կոչուած, սակայն Միրզոյեան նշեց, թէ վստահութեան ամրապնդման համար թրքական կողմին հետ ծրագիրներ ունին:

«Կան որոշակի վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներ, որոնք մենք պլանաւորում ենք (կը ծրագրենք) համատեղ անել: Ի հարկէ, մենք ունէինք պայմանաւորուածութիւն եւ այդ պայմանաւորուածութեան համաձայն, սահմանը պէտք է մասնակի բաց լինէր, ցաւօք, այժմ դա դեռ իրականութիւն չի, բայց մենք կ՛աշխատենք այդ ուղղութեամբ», ընդգծեց Միրզոյեան:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը լրջօրէն կը քննէ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան լիազօրութիւնը երկարաձգելու հարցը: «Քանի դեռ չունենք ստորագրուած, վաւերացուած խաղաղութեան պայմանագիր Ադրբեջանի հետ, քանի դեռ չունենք առաջ գնացող, եթէ չասեմ աւարտուած սահմանազատման գործընթաց, կայունութիւն, յարաբերութիւնները կարգաւորուած չեն, մենք ունենք մտավախութիւն Ադրբեջանի հնարաւոր գործողութիւնների վերաբերեալ ու հետեւաբար ունենք կարիք չէզոք երրորդ կողմի, ինչպիսին ԵՄ առաքելութիւնն է, օբյեկտիւ (առարկայական) մշտադիտարկման անհրաժեշտութիւնը»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2024, 08:15