Որոնել

Հայաստանի եւ  Ազրպէտճեանի միջեւ սահմանը Հայաստանի եւ Ազրպէտճեանի միջեւ սահմանը 

Ռուս սահմանապահները 1 յունուար 2025-էն պիտի հեռանան Հայաստան-Իրան սահմանի հսկիչ կէտէն

Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտին մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան Սահմանապահ զօրքերու իրականացուցած ծառայութեան համար, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` երէկ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումին ժամանակ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ 1 յունուար 2025-էն Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի պահպանութեան պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Սահմանապահ զօրքերը, իսկ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտին մէջ ծառայութիւնը ամբողջութեամբ պիտի իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Սահմանապահ զօրքերու ուժերով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան:

Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտին մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան Սահմանապահ զօրքերու իրականացուցած ծառայութեան համար, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Այս տարուան 1 օգոստոսէն ռուս սահմանապահները դուրս եկած էին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն:

Փաշինեան Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրի մանրամասնութիւնները, անոր յանձնած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» գրքոյկը, «ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է շրջանային նիւթերու վերաբերեալ Ռուսիոյ դաշնութեան շարք մը պաշտօնեաներու կողմէ օգտագործուող ձեւակերպումներու եւ բառապաշարի վերաբերեալ», կը յայտնէ Բաղդասարեան` ընդգծելով. «Շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խօսոյթը դռնփակ եւ դռնբաց ձեւաչափերով նոյնական է»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2024, 07:52