Իսրայէլ 3-րդ անգամ ըլլալով յարձակում գործեց մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ
Իսրայէլեան օդուժը երէկ գիշեր յարձակում գործեց Պէյրութի Նուէյրի շրջանին վրայ: Նուէյրիի վրայ յարձակումը Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու սկիզբէն ի վեր մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ 3-րդ յարձակումն է: Նախորդները Քոլայի եւ Պաշուրայի վրայ եղած էին:
Յարձակումը շէնքի մը վրայ էր, որ մեծապէս վնասուեցաւ: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ արձանագրուած է առնուազն 2 զոհ եւ 9 վիրաւոր:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Պէյրութի մէջ իսրայէլեան յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի «պաշտպանութեան նախարար» Ուաֆիք Սաֆան է:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ռաս Նապայի եւ Նուէյրիի մէջ երկու շէնքեր յարձակումի ենթարկուած են, որոնցմէ մէկը ամբողջութեամբ փուլ եկած է, իսկ երկրորդին մէջ թիրախը յարկաբաժին մըն էր:
Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումին թիրախը Հըզպալլայէն առնուազն մէկ ղեկավար է:Հըզպալլան երէկ մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց հիւսիսային Իսրայէլի մէջ Պէյթ Հէյլելը, Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը եւ Մարժ ու Մահիան Պարուխ դիրքերը եւ շարք մը այլ շրջաններ:
Կուսակցութեան մարտիկները նաեւ քանդեցին իսրայէլեան հրասայլ մը, որ Ռաս Նաքուրայի մէջ կը յառաջանար` անոր անձնակազմին մէջ պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլան հրթիռակոծեց Քաֆար Կիլատիի մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներ:
«Իսրայէլ Հայոմ» նշեց, որ Լիբանանէն արձակուած հրթիռ մը ինկած է վերին Գալիլիոյ Մարկլիոթ քաղաքին մէջ շէնքի մը վրայ` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ:
Հըզպալլա իր կարգին յայտնեց, որ մեծաթիւ հրթիռներով հարուածած է Քիրիաթ Շմոնան, որուն քաղաքապետը քաղաքի բնակիչներուն կոչ ուղղեց ապաստանարաններ մուտք գործել:
Հըզպալլայի մարտիկները նաեւ թիրախաւորեցին իսրայէլեան ուժ մը, որ Ռաս Նաքուրայի շրջանէն կը փորձէր հարաւային Լիբանանի Մշայրֆէ շրջան ներթափանցել:
«Հատաս»-ի համաձայն, երէկ մինչեւ կէսօրէ ետք Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ աւելի քան 170 հրթիռներ արձակուած են:
Կուսակցութիւնը նաեւ Հայֆայի եւ Քարմելի մէջ ռազմակայաններու, հաղորդակցութիւններու կեդրոններու եւ այլ կենսական վայրերու «Հուտհուտ» տիպի անօդաչու թռչող սարքի ճամբով նկարուած լուսանկարներ հրապարակեց:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, որ իր գործողութիւններուն ընթացքին Հըզպալլայի աւելի քան 500 զինուորական ենթակառոյցներ քանդած է:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երէկ երկու անգամ յարձակում գործեց Զահլէի Քարաք շրջանի բարձունքներուն վրայ:
Քարաքի մէջ 4 զոհ եւ 17 վիրաւոր արձանագրուած է:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ