Որոնել

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան: 

Խաչատուրեան. «Հայաստան կ՛ակնկալէ նինչեւ ՔՈՓ29 Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրել»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը յայտնած է, որ Ազրպէյճանի պաշտօնատար անձերու հետ տակաւին բանակցութիւններ կ՛ընթանան շարք մը այլ յօդուածներու շուրջ:

Հայաստան կ՛ակնկալէ մինչեւ ՔՈՓ29 Ազրպէյճանի հետ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան:

«Եթէ գործը միայն մեզի վերաբերէր, մենք զայն հիմա իսկ, այսօր կը ստորագրէինք», նշած է ան` Համպուրկի կայուն զարգացման խորհրդաժողովի ծիրին մէջ` աւելցնելով, որ ուշ կամ կանուխ արդիւնքի հասնելու յոյս կայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը յայտնած է, որ Ազրպէյճանի պաշտօնատար անձերու հետ տակաւին բանակցութիւններ կ՛ընթանան շարք մը այլ յօդուածներու շուրջ:

Խաչատուրեան նաեւ աւելցուցած է, որ յաջողութեամբ կ՛ընթանան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողներու համար ցամաքային սահմանի բացման շուրջ բանակցութիւնները:

ՄԱԿ-ի կենսոլորտի հարցերով 29-րդ վեհաժողովը` ՔՈՓ29-ը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ, 11-22 նոյեմբերին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2024, 07:57