Որոնել

Լիբանան, Քարիթաս, պատերազմ Լիբանան, Քարիթաս, պատերազմ 

Մարդասիրական ճգնաժամը Լիբանանի մէջ հասած է աղետալի մակարդակի

Լիբանանի մէջ Քարիթասը ամէն ջանք կը թափէ օգնելու համար հիւանդներուն, տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն։ Լիբանանի մէջ մինչեւ այսօր գրանցուած է 2,169 զոհ և 10,212 վիրաւոր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մարդասիրական ճգնաժամը Լիբանանի մէջ հասած է աղետալի մակարդակի՝ աճող զոհերու, տեղահանուածներու և աւերածութիւններու պատճառով, որոնք կ՝ազդեն ամբողջ երկրի վրայ, ոչ միայն հարաւի պաշտպանութիւնը։

Տարբեր կրօնական դաւանանքներու գիւղեր, ներառեալ քրիստոնեաներու, քանդուած են հոկտեմբերէն ի վեր, ընդհանուր առմամբ գրանցուած է 2,169 զոհ և 10,212 վիրաւոր, 689,719 մարդ տեղահանուած են Լիբանանի մէջ, իսկ 200,000-ը փախած են Սուրիա: Տեղահանուածներուն թիւի 70%-ը Սուրիացի փախստականներ են, իսկ 30%-ը՝ Լիբանանի քաղաքացիներ, իսկ 94 հիւանդապահներ և քաղաքացիական պաշտպանութեան 5 աշխատակից մահացած է ծառայութեան ժամանակ։

Լիբանանի Քարիթասը գործողութիւններու սկսած է հակամարտութիւնէ տուժածներուն օգնելու համար՝ միջամտելով տարբեր ոլորտներուն մէջ։ Իր հիմնական գործունէութիւնները եղած են առողջապահութիւն, խոցելի խաւերու պաշտպանութիւն և առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու բաշխում։

Բարեսիրական կազմակերպութիւնը տրամադրած է բժշկական օգնութիւն հոգեբանական աջակցութիւն եւ շտապ օգնութեան փաթեթներ ընդունելութեան կեդրոններուն մէջ:

Հոկտեմբերի 13-ի դրութեամբ Լիբանանի Քարիթասը օգնած է մօտ 100,000 տեղահանուածներու, աւելի քան 550,000 տաք կերակուրներ բաշխելով։

Քարիթասը նաև բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է աւելի քան 8000 մարդու և երեխաներուն։

Իտալական Քարիթասը, իր ներդրումը է ունեցած է մարդասիրական արձականգման ծրագրին՝ երաշխաւորելով 100,000 եւրօ նախնական օգնութիւն և ուսուցողական աջակցութիւն Լիբանանի Քարիթասի կամավորներուն։ : Չնայած այս ջանքերուն, շատ կարիքներ կը մնան չբաւարարուած ֆինանսական միջոցներու սղութեան պատճառով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2024, 12:38