Որոնել

Լիբանան, պատերազմ, ռմբակոծում Լիբանան, պատերազմ, ռմբակոծում  (ANSA)

Իսրայէլեան զգուշացումներ, ապա օդային յարձակումներ` Լիբանանեան շարք մը գիւղերու վրայ

Իսրայէլեան բանակը երէկ բազմաթիւ գիւղերու մէջ որոշակի եւ մերձակայ շէնքեր դատարկելու շտապ զգուշացումներ յղելէ ետք զանոնք օդային յարձակումներու ենթարկեց: Այսպէս, օդային յարձակումներ գործուեցան Պեքայի Թըմնին Ֆաուքա, Սըրհին Թահթա, Սըֆրի գիւղերուն, հարաւային Լիբանանի Թէյր Տըպպա գիւղին եւ Սուր քաղաքի Հաուշ ու Պըրժ Շիմալի շրջաններուն վրայ:

Հըզպալլա երէկ շարունակեց Իսրայէլի բնակեցման վայրերուն ու քաղաքներուն վրայ հրթիռարձակումները: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մեծ թիւով հրթիռներ ինկած են Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ: Հրթիռակոծուեցան նաեւ Ռուէյսաթ Ալամի դիրքը, Հայֆան, Աքքան եւ Գալիլիոյ մէջ բազմաթիւ շրջաններ:

Կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ Լապպունա բարձունքին վրայ հարուածած է իսրայէլեան 2 «Մերքաւա» տիպի հրասայլեր, որոնք հրկիզուած են, իսկ անոնց անձնակազմի անդամները սպաննուած են կամ վիրաւորուած:

«Արապի» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան Այթա Շաապ-Ռամիա-Քաուզահ եռանկիւնին մէջ»:

Իսրայէլեան բանակը երէկ բազմաթիւ գիւղերու մէջ որոշակի եւ մերձակայ շէնքեր դատարկելու շտապ զգուշացումներ յղելէ ետք զանոնք օդային յարձակումներու ենթարկեց: Այսպէս, օդային յարձակումներ գործուեցան Պեքայի Թըմնին Ֆաուքա, Սըրհին Թահթա, Սըֆրի գիւղերուն, հարաւային Լիբանանի Թէյր Տըպպա գիւղին եւ Սուր քաղաքի Հաուշ ու Պըրժ Շիմալի շրջաններուն վրայ:

«Նաշրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը չորեքշաբթի գիշերանց չորս իրերայաջորդ յարձակումներ գործած է Հերմելի մօտ Լիբանանը Սուրիոյ կապող սահմանին վրայ:

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող գերմանական մարտանաւ մը երէկ վնասազերծած է Լիբանանի ծովեզերքին մօտ թռիչք կատարող անծանօթ անօդաչու թռչող սարք մը, որ ինկած է ջուրին մէջ:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան  յայտնեց, որ գերմանական «Լուտվիքշաֆըն Իմ Ռայեն» մարտանաւին կամ անոր անձնակազմին վնաս չէ հասած եւ ան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր մը յայտնեց, թէ անծանօթ անօդաչու թռչող սարք մը մօտեցած է ՖԻՆԻՒԼ-ի նաւերէն մէկուն: Օգտագործուած են ելեկտրոնային պաշտպանութեան միջոցներ, որոնց շնորհիւ սարքը ինկած ու ինքնիրեն պայթած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 08:14