Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումները կը շարունակուին. «Հըզպալլա»
«Հըզպալլա»ն յայտարարեց, որ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Աքքայի հարաւ-արեւելքը գտնուող ռազմարդիւնաբերութեան «Եուտիվաթ» ընկերութեան վրայ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծած է Հայֆայի հիւսիսը գտնուող ռազմարդիւնաբերութեան «Զոֆոլոն» ռազմակայանը եւ իսրայէլեան բանակի շարք մը դիրքեր:
Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի գիւղերուն վրայ եւ 14 գիւղերու բնակիչներէն պահանջեց հեռանալ իրենց բնակավայրերէն եւ Աուալի գետէն դէպի հիւսիս ուղղուիլ:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտարարեց, որ ահաբեկած է «Հըզպալլա»ի Պընթ Ժպէյլի շրջանի հրամանատարը:
Իսրայէլեան օդուժը յայտարարեց, որ Կիրակի օր, Լիբանանի տարածքին 120 յարձակումներ գործեց, ներառեալ՝ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ զէնքերու արտադրութեան եւ պահեստի համար օգտագործուող դիրք մը:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սայտայի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով զոհուեցան առնուազն 5 անձեր եւ վիրաւորուեցան 13 ուրիշներ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ իրենց կարգին յայտնեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին սպաննուեցան 4 իսրայէլացի զինուորներ, ներառեալ՝ 2 սպաներ, եւ վիրաւորուեցան 88 ուրիշներ:
Նշենք, որ անցնող շաբաթավերջին, իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի Հասպայայի շրջանին մէջ՝ լրագրողներու կեցութեան վայր հանդիսացող պանդոկի մը վրայ յարձակում գործելով՝ սպաննեց 3 լրագրողներ:
Յարձակումի ենթարկուած վայրին մէջ կը գտնուէին լրատուական 7 հաստատութիւններ ներկայացնող 18 լրագրողներ:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ