Որոնել

 Եահիա Սընուար Եահիա Սընուար  (ANSA)

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ սպաննած է Եահիա Սընուարը

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուար սպաննուած է

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուար սպաննուած է` աւելցնելով. «Թել Աւիւ շրջանին մէջ շարք մը երկիրներու տեղեկացուց Սընուարի սպանութեան մասին»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը  նշեց. «Սընուարի հետ բախումը տեղի ունեցաւ Ռաֆահի Թել Սուլթան շրջանին մէջ, եւ ան զինուորական բաճկոն կը կրէր, եւ անոր հետ մարտական այլ ղեկավար մը կար»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց. «Սընուար ականուած շէնքի մը մէջ կը գտնուէր եւ կը կրէր ձեռնառումբերով լեցուն բաճկոն մը»: Կայանը նշեց. «Սընուարի ահաբեկման գործողութիւնը ծրագրուած չէր, եւ գրեթէ պատահական էր»: Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Համասի մօտ գտնուող գերիներու հարազատները մտահոգութիւն կը յայտնեն կալանաւորուած իրենց սիրելիներուն ճակատագիրին նկատմամբ:

Աւելի ուշ, Փենթակոնէն պաշտօնատար մը «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեակ են Սընուարի սպանութենէն եւ տակաւին «գնահատման փուլի» մէջ են:

Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն «Կ՛ողջունէ որեւէ քայլ, որ իսրայէլացիները կը մօտեցնէ իրենց նպատակներու իրագործման, զինադադարի հաստատման եւ պատանդները իրենց տուներ դարձնելուն»:

Ամերիկացի զինուորական պատասխանատու մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Սպիտակ տունը եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը տեղեակ պահուած են իսրայէլեան բանակին կողմէ Սընուարի սպանութենէն:

Նշենք, որ Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Եահիա Սընուար շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար ընտրուած էր նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ Իսրայէլի կողմէ ահաբեկումէն ետք:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 09:01