Նաքուրայի վրայ հրթիռային յարձակումի մը ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամ 8 Աւստրիացի զինուորներ վիրաւորուած են
Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Նաքուրայի վրայ հրթիռային յարձակումի մը ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու անդամ աւստրիացի 8 զինուորներ վիրաւորուած են, սակայն անոնց վէրքերը վտանգաւոր չեն:
Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի խաղաղապահները տակաւին հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի բոլոր դիրքերուն վրայ կը գտնուին եւ կը շարունակեն իրենց աշխատանքները` զանոնք պատշաճեցնելով ներկայ կացութեան:
ՖԻՆԻՒԼ յայտնեց, որ մատակարարման ու հերթափոխութեան կարաւանները կը շարունակեն, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, Լիբանանէն ու դէպի Լիբանան իրենց սովորական գործողութիւնները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ