ՄԱԿ կը մեկնաբանէ Կութիերեսի նկատմամբ Իսրայէլի կեցուածքը
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց. «Իսրայէլի կողմէ ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը անբաղձալի անձ յայտարարելու մէջ քաղաքական որոշում եւ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններու պաշտօնատարներուն վրայ յարձակումներու շարունակութիւն կայ»:
Տիւժարիք ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն Կութիերեսի նկատմամբ զօրակցութիւնը:
«Այլ պետութիւններ ՄԱԿ-ի այլ պաշտօնատարներու նկատմամբ նոյնպիսի որոշումներ որդեգրեցին», նշեց ան` աւելցնելով. «Նախապէս յայտնեցինք, որ չենք կարծեր, որ այս կացութիւնը կարելի է գործադրել մեր պաշտօնեաներուն վրայ»:
Տիւժարիք նշեց, որ իր 24-ամեայ ասպարէզի ընթացքին այսպիսի հաղորդագրութեան մը չէ հանդիպած:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը «անբաղձալի անձ» յայտարարած է եւ արգիլած անոր Իսրայէլ մուտքը:
Քաց բողոքած է, որ Կութիերես «պատշաճ կերպով» չէ դատապարտած Իրանի 1 հոկտեմբերի գիշերուան յարձակումը:
«Ոեւէ մէկը, որ յստակօրէն չդատապարտեց Իրանի` Իսրայէլի վրայ կատարուած նողկալի յարձակումը, արժանի չէ ոտք դնել Իսրայէլի հողին: Ասիկա հակաիսրայէլեան ընդհանուր քարտուղար է, որ կ՛աջակցի ահաբեկիչներուն, բռնաբարողներուն եւ մարդասպաններուն», ըսած էր իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ