Որոնել

ՄԱԿ-ի կեդրոնը ՄԱԿ-ի կեդրոնը 

ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողը միջազգային ընտանիքը կը յորդորէ Արցախէն տեղահանուածներուն ձայնը լսելի դարձնել

, Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներու իրաւապաշտպան միութիւնը ներկայացուցած է Սալվիոլիի` 16-էն 24 նոյեմբեր 2023-ի Հայաստան կատարած այցելութեան վերաբերեալ զեկուցումը:

Ճշմարտութեան, արդարութեան, հատուցման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու խթանման հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Ֆապիան Սալվիոլին իր զեկուցումին մէջ անդրադարձած է Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործուած ցեղային զտումներուն, բռնի տեղահանուած անձերուն:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներու իրաւապաշտպան միութիւնը ներկայացուցած է Սալվիոլիի` 16-էն 24 նոյեմբեր 2023-ի Հայաստան կատարած այցելութեան վերաբերեալ զեկուցումը:

ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողը իր զեկուցումին մէջ, անդրադառնալով Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործուած ցեղային զտումներուն, նշած է, որ իր այցելութիւնը համընկնած է Արցախէն հազարաւոր հայերու բռնի տեղահանման: Ան աւելցուցած է, որ ականատես եղած է բռնի տեղահանուած բնակչութեան ցաւին եւ հրատապ կարիքներուն:

Սալվիոլի շեշտած է, որ արցախահայերու համար հրատապ խնդիր է Արցախի մէջ մնացած փաստաթուղթերու հասանելիութիւնը, իրենց հարազատներու գերեզմանոցներուն եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը:

Ճշմարտութեան, արդարութեան, հատուցման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու խթանման հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողը միջազգային ընտանիքի համապատասխան անդամներուն եւ խնդիրին հետ կապ ունեցող միւս կողմերը յորդորած է Արցախի բնակչութեան ձայնը լսելի դարձնել:

Ան այս հոլովոյթին առնչակից միջազգային ընտանիքի անդամներուն եւ բանակցութեան կողմերուն կոչ ուղղած է ապահովելու, որ Արցախին վերաբերող որեւէ քննարկում կամ համաձայնագիր ներառէ ճշմարտութեան մեքանիզմներու որդեգրում, մեղաւորներու հանդէպ քրէական պատասխանատուութեան կիրարկում, վնասի փոխհատուցում, տեղահանուած բնակչութեան արխիւներու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանում, ինչպէս նաեւ այդ ամէնը չկրկնուելու երաշխիքներ:

Սալվիոլի շեշտած է, որ նման մեքանիզմները պէտք է ստեղծուին միջազգային երաշխիքներու ներքոյ` բոլոր կողմերու անաչառութիւնն ու վստահութիւնը ապահովելու եւ բռնութեան կրկնութիւնը կանխարգիլելու նպատակով: Ան միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան հրաւիրած է եւ յիշեցուցած, որ բոլոր քննարկումներուն եւ ապագայ համաձայնագիրներուն մէջ պէտք է արտացոլան ու ատոնց համար հիմք հանդիսանան անցումային արդարադատութեան միջազգային չափանիշերը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2024, 07:58