Որոնել

ՄԱԿ-ի խորհրդանիշ ՄԱԿ-ի խորհրդանիշ  (©Lewis Tse Pui Lung - stock.adobe.com)

ՄԱԿ. «Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անվտանգութիւնը հետզհետէ աւելի կը վտանգուի, եւ անոր գործողութիւնները 23 սեպտեմբերէն ի վեր իրողապէս դադրեցա»

«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան աջակցելու պարտականութիւնը ունին, սակայն պէտք է պնդենք, որ այդ որոշումի կէտերուն գործադրութեան պարտաւորութիւնը ինքնին երկու կողմերու ուսերուն վրայ է», նշեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ժան Փիեռ Լա Քրուա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը «հետզհետէ աւելի կը վտանգուի:

Ան աւելցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործողութենական աշխատանքները 23 սեպտեմբերէն ի վեր իրողապէս դադրած են:

Լա Քրուա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Խաղաղապահ ուժերը իրենց ռազմակայաններուն մէջ բանտարկուած են` երկար ժամանակ անցընելով ապաստանարաններու մէջ»:

Ան աւելցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը պատրաստ է աջակցելու դիւանագիտական լուծումի հասնելու ջանքերուն:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան աջակցելու պարտականութիւնը ունին, սակայն պէտք է պնդենք, որ այդ որոշումի կէտերուն գործադրութեան պարտաւորութիւնը ինքնին երկու կողմերու ուսերուն վրայ է», նշեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը:

Լա Քրուա յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ՖԻՆԻՒԼ-ը կը լիազօրէ լիբանանեան բանակին օգնելու Իսրայէլի հետ հասարակաց հարաւային սահմանը զէնքերէ եւ լիբանանեան կառավարական զինեալ ուժերէն բացի զինեալներէ ազատ պահելու համար:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2024, 09:13