2024 Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը «Nihon Hidankyo» ճափոնական ընկերակցութեան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
2024 Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը շնորհուեցաւ «Nihon Hidankyo» ճափոնական ընկերակցութեան, որ կը զբաղի հիւլէական զէնքերու զինաթափման գործով։
Արդարեւ շնորհման դրդապատճառներուն մէջ նշուած է. «Միջուկային զէնքերէ զերծ աշխարհ ձեռք բերելու ջանքերուն և ցոյց տալու համար, որ միջուկային զէնքերը այլևս երբեք պէտք չէ օգտագործուին»:
«Nihon Hidankyo» ընկերակցութիւնը կը համախմբէ Հիրոշիմա եւ Նակազաքի ադոմական ռումբերէն վերապրողները որոնց թիւը ըստ 2016ի մարտ ամսուայ տուեալներուն 174.080։ Կան ապա հազարաւոր այլ անձինք որոնք կ՜ապրին Քորէայի ու աշխարհի այլ վայրերուն մէջ, Ճափոնէն դուրս, եւ «Nihon Hidankyo» ընկերակցութիւնը կը համագործակցի անոնց հետ ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքին ու այդ անհատներու բարօրութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ