Պքերքէի մէջ` Իսլամ-Քրիստոնեայ հոգեւոր արտակարգ վեհաժողով
Երէկ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր արտակարգ վեհաժողովը, որուն սկիզբը մարոնիներու Ռայի պատրիարքը խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Հայրենիքին խորքը վիրաւոր է, եւ բոլորս այստեղ ենք դարմանելու անոր վէրքերը, եւ վէրքը մեզմէ իւրաքանչիւրինն է: Մենք այսօր այստեղ ենք իրարու եւ խորապէս վիրաւորուած մեր ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնելու զոհերուն, վիրաւորներուն, նահատակներուն, տեղահանուածներուն, գաղթականներուն, անոնց տուներու եւ խանութներու քանդման ու հողերու հրկիզման համար»:
«Ասիկա ազգային ողբերգութիւն մըն է, որ բոլորին վրայ կ՛ազդէ, իւրաքանչիւր անձի, տունի եւ ընտանիքի, ինչպէս նաեւ ազգային հասարակութեան, որ սկսած է մասնատուիլ եւ քայքայուիլ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
«Այսօր վէրքերու ամոքումին ու լուծումներ գտնելու պահ է: Իբրեւ հոգեւոր պետեր այս է մեր դերը եւ այս է մեզմէ մեր ժողովուրդին սպասումը, ինչպէս նաեւ իրաւունքը, անոր հետ պարզութեամբ խօսինք սիրտէ սիրտ: Այս է մեր դերը, եւ այս է մեր առաքելութիւնը», շեշտեց մարոնիներու պատրիարքը:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանը պիտի մնայ մեր բոլորին հայրենիքը: Աստուծոյ նկատմամբ անոր հաւատքը, անոր ազգային միասնականութիւնը, ժողովուրդին պատուականութիւնը բաւարար են զայն պահպանելու, պաշտպանելու, անոր շարունակման ու նախայարձակ իսրայէլեան թշնամին ետ մղելու համար»:
«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, մեր բոլորին համար դժուար քննութիւն մըն է, որ ամբողջ Լիբանանը քանդումի ենթակայ դարձուց: Պէտք է դաս քաղենք, եւ ասիկա մեզի դաս թող ըլլայ լուծելու մեր ներկայ եւ ապագայ խնդիրները, որոնց թերեւս ամէնէն կարեւորը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է», ըսաւ միւֆթի Տըրիան:
«Այսօրուան մեր ժողովը ամբողջ աշխարհին ուղղուած լաւագոյն պատգամն է եւ լաւագոյն պատասխանը թշնամիին, որ ջարդեր կը գործէ», յայտնեց հանրապետութեան միւֆթին:
Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Այստեղ եկանք ձեզմէ յուսալով դիրքորոշում մը, որ մակարդակին վրայ է այն իրողութեան, որ Իսրայէլ կը մղէ բացայայտ ցեղասպանական պատերազմ մը Լիբանանին ու անոր մէջ գտնուող ամէն ինչի դէմ»:
«Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար նահատակ Հասան Նասրալլան ինքզինք զոհաբերեց Լիբանանի համար, եւ մեր հարազատները ստիպուեցան տեղահանուիլ, եւ կ՛ողջունենք լիբանանցի ժողովուրդը` իր բոլոր համայնքներով, իրենց դռները իրենց եղբայրներուն դիմաց բանալնուն համար», ըսաւ ան:
«Յարձակումը միայն մէկ խումբ չի թիրախաւորեր, այլեւ ամբողջ հայրենիքը` իր ժողովուրդով, գոյացութեամբ ու կրօնական ընտանիքներով, որոնք հակառակն են այս ցեղասպան ու վայրագ գոյացութեան, որ միայն արիւնահեղութեամբ կ՛ապրի, ուստի պէտք է համապարփակ ու ամբողջական կերպով դէմ դնել այս յարձակումին», նշեց շէյխ Խաթիպ` աւելցնելով. «Դիմադրութեան հերոս տղոց ձեռքը կը սեղմենք եւ կոչ կ՛ուղղենք կառուցելու իսկական ու կարող պետութիւն մը, որ կրնայ իր ազգային պարտականութիւնները կատարել»:
«Մենք պետութեան հարազատներն ենք, անոր հովանաւորները, անոր պաշտպաններն ու անոր ուժին ու իշխանութեան վերականգնման նախանձախնդիրները, սակայն պետութիւնը տասնամեակներ շարունակ հրաժարեցաւ իր գերիշխանութենէն եւ իր ժողովուրդին նկատմամբ անկարողի կեցուածք որդեգրեց», ըսաւ ան:
«Անկեղծութիւնն ու լրջութիւնը կը պահանջեն ճանչնալ պետութեան կառուցման ձախողութեան պատճառները, որպէսզի բոլորս անոր պաշտպանութեան տակ քալենք ու դուրս գանք այս կացութենէն, եւ թող պետութիւնը ստանձնէ իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան ու կայունութեան պաշտպանութիւնը», ըսաւ Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը` աւելցնելով. «Մեր յոյսը կը դնենք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ջանքերուն վրայ եւ անոնց նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն կը յայտնենք»:
«Պէտք է երկրին համաձայնական նախագահ մը ընտրել, որպէսզի բոլոր լիբանանցիները անոր թիկունք կանգնին, որպէսզի ան կարենայ այս ծանր բեռը տանիլ, սակայն նախ եւ առաջ պէտք է լիբանանցի ժողովուրդի միաձայնութեամբ դադրեցնել այս խենթ պատերազմը», շեշտեց շէյխ Խաթիպ:
Տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա իր խօսքին մէջ նշեց. «Կը հանդիպինք անգամ մը եւս զգուշացնելու արտաքին ուժի դիրքէ մեկնելով ներսի հետ խօսելէն եւ որեւէ համայնքի մէկ այլ համայնքի հետ ուժի դիրքէ խօսելէն, որովհետեւ Լիբանանը միայն կը կառուցուի ոսկեայ հաստատ սկզբունքով, որուն համաձայն, իւրաքանչիւր հոգեւոր ընտանիք հայրենիքի մէջ իր գործընկերը կը պահպանէ»:
«Մենք կառչած կը մնանք հոգեւոր եւ ազգային գործընկերութեան, որ Լիբանանի ուժին աղբիւրն է, եւ պէտք է լռեցնել մասնատումի որեւէ տարազի կիրարկման կոչ ուղղող ձայները», յայտնեց շէյխ Ապի Մունա:
Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Յովհաննէս Ժ. Եազիժի պատրիարքը իր կարգին նշեց. «Այսօրուան մեր ժողովը արտաքին աշխարհին պատգամ մըն է, այն յոյսով, որ կը տեսնէ, թէ զաւակներն էին, ենք եւ պիտի մնանք այս երկրին` անոր բոլոր կողմերով իբրեւ հոգեւոր մէկ ընտանիք, անթերի ազգային միասնականութեամբ»:
«Մեր ձայնը դարձեալ կը բարձրացնենք միջազգային ընտանիքէն պահանջելով շտապել, այսօր նախքան վաղը, վերջ տալու այս պատերազմին», ըսաւ Եազիժի պատրիարքը` շեշտելով. «Պէտք է մեր ներքին տունը դասաւորենք, նախ եւ առաջ ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը, կառուցելով ազգային պետութիւն մը եւ բոլոր սահմանադրական մարմինները ամբողջացնելով»:
Ալեւիներու իսլամական խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Քատտուր յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին անարդարանալի կերպով կը հետապնդէ անզէն ու անմեղ լիբանանցիները»:
«Այն, ինչ որ իսրայէլացի թշնամին կ՛ուզէ, լիբանանցիներուն միջեւ սադրանք ու պառակտում յառաջացնելն է, եւ արաբական Լիբանանի` իր հիմնական դատէն, այսինքն` Պաղեստինէն հրաժարիլը», ըսաւ ան:
Հանդիպումի աւարտին ժողովի մասնակիցները Ռայի պատրիարքի ճաշի հիւրերը եղան:
Պատրիարքական փոխանորդ Անթուան եպս. Աքար վեհաժողովէն ետք Իսլամ-քրիստոեայ հոգեւոր արտակարգ վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդալու ընթացքին ըսաւ, որ վեհաժողովը իսրայէլեան յարձակումին ենթարկուած բոլոր շրջաններուն ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար` նշելով, որ անոնք «հայրենիքի նահատակներն են, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին պաշտպանելով Լիբանանը»:
Վեհաժողովի մասնակիցները նշած են, որ իսրայէլեան բարբարոս յարձակումը կը թիրախաւորէ ամբողջ Լիբանանն ու բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը, «եւ լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ, զօրակցութեամբ եւ իրենց հողին ու հայրենիքին կառչածութեամբ կրնան տոկալ ու ետ մղել թշնամին` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ լուծումները պիտի ըլլան ու պէտք է որ ըլլան միայն միասնական ազգային լուծումներու ճամբով, որոնք հիմնուած են լիբանանեան սահմանադրութեան, Թաէֆի համաձայնութեան, լիբանանեան պետութեան ու անոր միակ իշխանութեան, անոր ազատ որոշումներուն, հայրենիքի ու ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան անոր պատասխանատու դերին եւ իր ժողովուրդին, անոր անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման երաշխաւորման կառչելուն վրայ»:
Ինչ կը վերաբերի հաղորդագրութեան, ապա վեհաժողովը նախ եւ առաջ կոչ ուղղեց` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անմիջապէս հրաւիրելու ժողովի` զինադադարի հաստատման վճռական որոշում որդեգրելու եւ դադրեցնելու Լիբանանի դէմ գործուող ջարդը:
Երկրորդ` բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` «փրկելու իրենց հայրենիքը, որովհետեւ ներկայ պահը ամուլ վէճի պահը չէ, պահանջներու եւ շահերու ապահովման պահը չէ: Ներկայ պահը փաստելու համար է մեր միասնական լիբանանցիներ ըլլալու կարողութիւնը եւ այս հայրենիքին պատկանելու արժանի ըլլալը: (…) Ներկայ պահը փոխհասկացողութեան, համագործակցութեան եւ միախմբուելու պահն է, որովհետեւ լիբանանեան գոյացութիւնը վտանգներու եւ կորսուելու վտանգի ենթակայ է, որովհետեւ իսրայէլեան թշնամիին ախորժակները անսահման են, թէ՛ ժամանակի, թէ՛ վայրի առումով: Այժմ պահը Լիբանանը փրկելու համար զոհողութիւն կատարելու պահն է, զօրակցութեան պահն է, թեւ-թիկունք կանգնելու եւ միասնութեան պահն է: Պէտք է ամրապնդենք իրարու նկատմամբ վստահութիւնը եւ գործակցինք կառուցելու համար կարող ու արդար պետութիւնը, ամրապնդենք անոր հաստատութիւնները, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդի միասնականութիւնը մնայ ամէնէն ուժեղ զէնքը` պաշտպանելու Լիբանանը եւ հաստատելու անոր ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան իրաւունքը»:
Երրորդ` բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` կատարելու իրենց հայրենիքին նկատմամբ իրենց պարտականութիւնները, որոնց առաջինը սահմանադրական հաստատութիւններու վերակազմումն է, մասնաւորաբար խորհրդարանի անմիջապէս ձեռնարկելը ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն վստահութիւնը կը վայելէ, եւ այդ մէկը կատարել կառչելով սահմանադրութեան կէտերուն եւ «կարելի առաւելագոյն չափով փոխհասկացողութեամբ ու համաձայնութեամբ», լիբանանցիներու կամքով, Ազգային ուխտի ոգիով եւ ազգային շահերը արտաքին շահերէն բարձր նկատելով:
Չորրորդ` անմիջապէս ձեռնարկել ամբողջական գործադրութեանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, ներառեալ աջակցելով լիբանանեան բանակին, ամրապնդելով Լիբանանը պաշտպանելու անոր կարողութիւնը եւ ընդգծելով Լիթանի գետէն հարաւ ու լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ անոր ընդարձակ տեղակայումը: Լիբանանեան կառավարութիւնն ալ պէտք է ամբողջովին տէր կանգնի իր պարտաւորութիւններուն եւ սահմանադրութեան համաձայն գործակցի խորհրդարանին հետ` արաբ եղբայրներու եւ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ բարեկամներուն Լիբանանի փրկութեան մասնակցութիւնը ապահովելու:
Հինգերորդ` ընդգծել լիբանանցիներուն միասնականութիւնն ու զիրար ընդունելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար ներկայ դժուար փուլին: Ուստի պէտք է վերստին կազմեն մէկ ու միասնական խումբ, յօգուտ իրենց միացեալ շահին ու Լիբանանի շահին, եւ այդ ալ լիբանանեան պետութեան պայմաններով եւ անոր հովանաւորութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պետութիւնը իր ձեռքը կ՛առնէ ազգային որոշումը եւ կը պաշտպանէ ազգային գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, ինք կ՛ըլլայ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իշխանութեան միակ տէրը:
Վեհաժողովը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական եղբայրական պետութիւններուն ու ՖԻՆԻՒԼ-ին` ընդգծելով, որ արաբական շրջանին մէջ գլխաւոր դատը Պաղեստինի արդար դատն է:
Նշենք, որ վեհաժողովին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը ներկայացնէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի խորհրդաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը նկատեց «Ազգային կոչ մը, որ ազգային համախմբող փաստաթուղթ է»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ