Որոնել

FILE PHOTO: Fleeing from Nagorno-Karabakh on the mountain road west

Զուիցերիոյ մէջ կը քննարկեն Արցախի հայերու վերադարձի նիւթով խաղաղութեան համաժողով կազմակերպելու հարցը

Համաժողովի նպատակն է «դիւրացնել Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներու միջեւ պատմական հայ բնակչութեան անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի շուրջ բաց երկխօսութիւնը` միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»:

Զուիցերիոյ Դաշնային խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ խաղաղութեան միջազգային համաժողով կազմակերպելու առաջարկով դիմած է կառավարութեան:

Ընդունուած բանաձեւով խորհրդարանականները կոչ կ՛ուղղեն համաժողովը կազմակերպելու որքան կարելի է շուտ` մէկ տարուան ընթացքին:

Համաժողովի նպատակն է «դիւրացնել Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներու միջեւ պատմական հայ բնակչութեան անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի շուրջ բաց երկխօսութիւնը` միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»:

Խորհրդարանականները կը յիշեցնեն Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 17 նոյեմբեր 2023-ի  որոշումը, որ կը պարտաւորեցնէ Ազրպէյճանին ապահովել վերադարձը այն մարդոց, որոնք 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք հեռացած են Արցախէն, եթէ անոնք նման ցանկութիւն ունին: Ընդ որում` Ազրպէյճանը այդ պէտք էր ընէր արագ, անվտանգ եւ առանց խոչընդոտներու:

Անոնք նաեւ յիշեցուցած են Եւրոպական խորհրդարանի այս տարուան 12 մարտի բանաձեւը, որով կոչ կ՛ուղղուի Ազրպէյճանին թափանցիկ երկխօսութիւն կատարելու Արցախի հայերուն հետ:

Նախագիծին հեղինակները ընդգծած են տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու եւ Արցախի հայ բնակչութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար բանակցային նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւնը` նկատելով. «Աշխարհաքաղաքական լարուածութեան պատճառով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կարողութիւնները այսօր խիստ սահմանափակ են»:

Խորհրդարանականները նաեւ ընդգծած են Զուիցերիոյ յաջող փորձը իբրեւ չէզոք միջնորդ միջազգային տագնապներու մէջ` յիշեցնելով, որ 2009-ի հոկտեմբերին նոյնինքն «Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Թուրքիիոյ միջեւ ստորագրուած են «Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները», որոնք ուղղուած էին երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2024, 08:00