Սուրբ Երկրի մէջ չկան ուխտաւորներ եւ շատ աղքատութիւն կայ
ՎազգէՆ Աբարդեան - Վատիկան
Մերձաւոր Արեւելքին մէջ զինուած հակամարտութիւններուն կողքին կայ նաեւ տնտեսական պատերազմ մը, որ ծանրօրէն կը հարուածէ Պաղեստինեան բնակչութիւնը, մասնաւորապէս անցեալ տարի 7 հոկտեմբերէն սկսեալ։
Զբօսաշրջութեան ոլորտը որ հիմնարար է Բեթղեհէմի եւ Երուսաղեմի տնտեսութեան համար, վնասուած է ուխտաւորներուն պակասի պատճառաւ։ Պաղեստինի պետութեան զբօսաշրջութեան եւ մշակութային ժառանգութեան նախարար Ալ Հայէք, յայտարարեց, որ գործազրկութիւնը զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ կտրուկ աճած է , արձանագրուելով օրական աւելի քան 2,5 միլիոն տոլար տնտեսական կորուստ եւ զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս 12000 պաշտօնեաներուն գործազուրկում, որուն 6000 Բեթղեհէմէն են ։
Տնտեսական ճգնաժամը կը սահմանափակէ Պաղեստինեան Պետութեան հնարաւորութիւնները՝նպաստներ տրամադրելու գործազուրկ աշխատաւորներուն, սակայն միջոցներ ձեռնարկուած են զբօսաշրջութեան ոլորտը տուրքերէն ազատելու համար, ըսաւ մշակոյթի նախարարը աւեցնելով որ Հնարաւորութիւններուն բացակայութիւնը մեծ թիւով ընտանիքները կը մղեն մտածելու արտագաղթի մասին, տարածաշրջանին մէջ Քրիստոնեայ բնակչութեան թիւի կրճատման առանձնայատուկ վտանգով։
Պաղեստինի պետութեան զբօսաշրջութեան եւ մշակութային ժառանգութեան նախարար Ալ հայէք հաստատեց, Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարարին հետ համագործակցութեան բացակայութիւնը, սակայն ընդգծեց տեղական եկեղեցիներու հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, հակամարտութենէն յետոյ զբօսաշրջութեան վերստին սլացք տալու համար, ընդգծելով որ Քրիստոնեայ ուխտաւորները կը ներկայացնեն տարածաշրջանի զբօսաշրջութեան 70 առ հարիւրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ