ԻՒՆԻՍԵՖ. Լիբանանի մէջ առնուազն 80 մանուկներ սպաննուած են եւ հարիւրաւոր վիրաւորուած ու տեղահանուած են աւելի քան 300 հազար անչափահասներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ԻՒՆԻՍԵՖ-ի տնօրէնուհի, Քաթէրին Ռասէլ, Լիբանանի ներկայ տխուր կացութեան մասին հրապարակելով յայտարարութիւն մը իր մտահոգութիւնը յայտնեց ու նշեց, թէ մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը ամէն ջանք կը թափէ Լիբանանի մէջ կարիքաւորներուն օգնութեան հասնելու համար։
«Ես խորապէս մտահոգուած եմ Լիբանանի իրավիճակի արագ վատթարացումով։ Անցեալ շաբթուան ընթացքին, տեղեկութիւններուն համաձայն, առնուազն 80 մանուկներ սպաննուած են՝ յարձակումներուն հետեւանքով մինչ վիրաւորուած են հարիւրաւոր անձեր։ Կառավարութեան զեկոյցներուն համաձայն, բռնութեան պատճառով ներքին տեղահանուածներուն թիւը հասած է աւելի քան մէկ միլիոնի, որոնց շարքին 300000 անչափահասներ։
Հազարաւոր երեխաներ, ընտանիքներ կ՝ապրին փողոցներուն կամ ապաստաններու մէջ, անոնցմէ շատեր փախած են իրենց տուներէն առանց առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներուն եւ պարագաներուն։ Մարդասիրական պայմանները ժամ առ ժամ կը վատթարանան» գրած է տնօրէնը աւելցնելով, որ ԻՆՒԻՍԵՖ-ը Լիբանանին մէջ ամէն ջանք կը թափէ կարիքաւորներուն օգնութեան հասնելու համար։
ԻՒՆԻՍԵՖ-ը եւ մեր գործընկերները Լիբանանի մէջ դաշտին վրայ կը գտնուին, հասնելու համար ընտանիքներուն, մանուկներուն՝ կարեւոր աջակցութեամբ։ Մեր խումբերը խմելիք ջուր, բժշկական պարագաներ, վերմակներ եւ անկողիններ կը բաժնեն, ինչպէս նաեւ նորածիններու համար նախատեսուած մաքրութեան առարկաներ։ Մենք առողջապահութեան եւ սննդադարութեան ծառայութիւններ կը տրամադրենք, երեխաներուն պաշտպանութիւնը եւ մանուկներուն հոգեբանական աջակցութիւնը։
Բայց այնքանով, որ բռնութիւնը կ՝ուժեղանայ, նոյնքանով մարդասիրական կարիքները կ՝աւելնան։ Որեւէ ցամաքային յարձակում կամ ալ մագլցում Լիբանանին մէջ աւելիով կը վատթարանայ երեխաներու համար աղէտալի իրավիճակը։ Ամէն գինով պէտք է խուսափիլ նման արդիւնքներէն» կը նշէ ԻԻՆԻՍԵՖի տնօրէնը ապա կոչ կ՝ուղղէ ռազմական գործողութիւններուն շուտով դադրեցման համար։
Կը վերանորոգենք երկու կողմերուն հրաւէրը՝ պաշտպանելու մանուկները եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները ու երաշխաւորելու, որ մարդասիրական դերակատարները կարողանան ապահով ձեւով հասնին կարիքաւորներուն, միջազգային մարդասիրական իրաւունքէ նախատեսուած պարտաւորութիւններուն համապատասխան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ