Որոնել

Երեւանի մէջ կատարուեցաւ բացումը Իրանեան մեծագոյն միջազգային առեւտուրի կեդրոնին Երեւանի մէջ կատարուեցաւ բացումը Իրանեան մեծագոյն միջազգային առեւտուրի կեդրոնին 

Երեւանի մէջ կատարուեցաւ բացումը Իրանեան մեծագոյն միջազգային առեւտուրի կեդրոնին

Կեդրոնը, որուն նպատակն է զարգացնել եւ խորացնել Հայաստանի ու Իրանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական կապերը` նոր կարելիութիւններ ստեղծելով գործարար շրջանակներու համար, բացուեցաւ «Առինջ Մոլ»ի տարածքին մէջ. անոր համահիմնադիրներն են` հայկական կողմէ Նուէր Ծառուկեան, իսկ իրանեան կողմէ` գործարար Արման Օլամայեան:

Երեւանի մէջ կատարուեցաւ բացումը արտերկրի մէջ Իրանի առաջին եւ մեծագոյն պաշտօնական առեւտուրի կեդրոնին: Նախագիծը իրականացաւ իրանեան կողմին ֆինանսաւորումով:

Կեդրոնը, որուն նպատակն է զարգացնել եւ խորացնել Հայաստանի ու Իրանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական կապերը` նոր կարելիութիւններ ստեղծելով գործարար շրջանակներու համար, բացուեցաւ «Առինջ Մոլ»ի տարածքին մէջ. անոր համահիմնադիրներն են` հայկական կողմէ Նուէր Ծառուկեան, իսկ իրանեան կողմէ` գործարար Արման Օլամայեան:

Բացման արարողութեան մասնակցեցան տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Սէյիտ Մոհամետ Ատապաք, փոխնախարար Նարեկ Յովակիմեան, Իրանի մօտ Հայաստանի առեւտրական կցորդ Վարդան Կոստանեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի անդամ Նարեկ Բաբայեան, Իրանէն եւ Հայաստանէն գործարարներ, արդիւնաբերական կեդրոններու ղեկավարներ եւ այլ անձեր:

Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի իր խօսքին մէջ նշեց, որ իրանեան այս կեդրոնը մեծագոյնն է ամբողջ աշխարհի մէջ, ինչ որ կը վկայէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական խոր յարաբերութիւններուն մասին: 

«Երկկողմ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու եւ ապրանքներու շրջանառութեան ծաւալները արձանագրած են թռիչքային աճ: Յոյս ունինք, որ այս առեւտուրի կեդրոնին շնորհիւ նոյնպէս մեծ թափ կը հաղորդուի երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու զարգացման: Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութիւնը բազմազան է՝ տնտեսական, երթեւեկի եւ ենթակառուցուածքային ոլորտներուն մէջ գործակցութեան միջոցով կողմերը կրնան զիրար փոխլրացնել: Փոխադրութեան եւ տնտեսութեան ասպարէզին մէջ համագործակցութիւնը նոյնպէս շատ լուրջ դրամագլուխ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն համար», յայտնեց Սոպհանի, որ աւելցուց, թէ Թեհրան վճռական է եւ պատրաստակամ` օգտուելու երկու երկիրներուն միջեւ ներկայի կարելիութիւններէն եւ ներուժէն, որպէսզի առաւելագոյն չափով զարգանայ փոխշահաւէտ գործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ: 

«Մեր երկիրներու ղեկավարներուն մօտ կայ հզօր քաղաքական կամք` այսուհետեւ նոյնպէս զարգացնելու եւ խորացնելու համագործակցութիւնը: Յանձնառու ենք հետեւողական ըլլալ եւ Իրանի ու Հայաստանի ղեկավարներուն քաղաքական կամքի դրսեւորման պայմաններուն մէջ ձեռնարկել ջանքերու, որպէսզի անոնց նախանշած նպատակները դառնան իրականութիւն: Մեր երկիրներու ղեկավարները սահմանած են երեք միլիառ տոլարի ապրանքներու շրջանառութեան շեմ մը, առ այդ, մենք պէտք է բոլոր ջանքերը գործադրենք, որպէսզի այդ նպատակը դարձնենք իրական: Շնորհակալ ենք նաեւ Հայաստանի կառավարութեան՝ այնպիսի կարելիութիւններ ընձեռելուն համար, որոնց շնորհիւ` բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են իրանեան ընկերութիւններու համար Հայաստանի մէջ նախատեսուած ծրագիրներու մասնակցելու գծով: Կ՛ակնկալենք, որ ապագային նոյնպէս այդ աջակցութիւնը կը շարունակուի», եզրափակեց Սոպհանի: 

«Հայաստանը բարձր է գնահատում Իրանի հետ համագործակցութիւնը եւ տնտեսական ներկայութիւնը Հայաստանում, այս կենտրոնի բացումը եւս մէկ կարեւոր քայլ է բարեկամ երկրների տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւնների զարգացման գործում», նշեց Պապոյեան:

Շուրջ 18 հազար քառակուսի մեթր տարածքի վրայ ներկայացուած են առաւել քան 100 իրանեան ընկերութիւններ: Սպառողներ եւ գործարարներ այստեղ կրնան իրանեան ապրանքներ ձեռք բերել ուղիղ արտադրողէն:

Ասոր զուգահեռ, նախարար Պապոյեան 30 Սեպտեմբերին ընդունեց Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Սէյիտ Մոհամետ Ատապաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնման հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով: Անոնք կարեւոր նկատեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան էկոնոմիկայի (տնտեսութեան) նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առեւտրի խթանման կազմակերպութեան միջեւ մասնաւոր հատուածի գործարարութեան զարգացման ոլորտում ապրանքների եւ ծառայութիւնների փոխանակման վերաբերեալ» փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրանեան առեւտուրի կեդրոնի բացումը:

Պապոյեան նշեց, որ Հայաստան իր կարգին հետաքրքրուած  է Իրանի մէջ առեւտուրի կեդրոն ունենալու հեռանկարով:

Անդրադարձ կատարուեցաւ իրանեան Չապահար նաւահանգիստին մէջ Հայաստանի մասնակցութեան կարելիութեան:

Պապոյեան շեշտեց, որ Հայաստան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ կը դիտարկէ Չապահար նաւահանգիստին մէջ գործունէութիւն ծաւալելու նախագիծը, որ միտուած պիտի ըլլայ Հայաստանէն ապրանքներու արտածման եւ ներածման նոր ուղիներու հաստատման:

Քննարկուեցան գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան առաւել հեռանկարային ուղղութիւնները, մասնաւորապէս` անասնապահութեան, մեղուաբուծութեան եւ թռչնամսի արտադրութեան ոլորտները:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ ենթակառուցուածքներու շինարարական նախագիծերուն եւ գործարարութեան ոլորտին մէջ գործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2024, 07:00