Որոնել

Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ բուռն բախումներ Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ բուռն բախումներ  (AFP or licensors)

Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ բուռն բախումներ` Սուրիական բանակին եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ

Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները չորեքշաբթի օր մեծաթիւ ահաբեկիչներով ու միջին եւ ծանր զէնքերու օգտագործումով լայն ճակատի մը վրայ մեծ յարձակում շղթայազերծած են:

Սուրիական բանակը յաջողեցաւ ձախողութեան մատնել Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ զինեալ խմբաւորումներուն յարձակումները եւ հակայարձակում շղթայազերծեց այն կէտերուն դէմ, որոնք զինեալները անցնող երկու օրուան ընթացքին յաջողած էին գրաւել: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ը:

«Սփութնիք» հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակի մասնայատուկ ուժերը ամրապնդած են Հալէպի արեւմտեան գիւղական շրջանի ճակատը, ուր զինեալ խմբաւորումներուն հետ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Նախքան այդ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը, հաղորդած էր, որ բախումներու ընթացքին սպաննուած են աւելի քան 200 անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը Թահրիր Շամ խմբաւորումի եւ անոր դաշնակից զինեալներէն է:

Ըստ Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանին, սպաննուածներուն թիւը 182 է, 102-ը Թահրիր Շամէն, 19-ը թրքամէտ Ազգային բանակէն, 61-ը սուրիական բանակէն ու անոր դաշնակից խմբաւորումներէն, ինչպէս նաեւ առնուազն 19 քաղաքայիններ: Վերջիններս, ըստ նոյն աղբիւրին, Հալէպի հիւսիսային եւ Իտլիպի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջաններու «ռուսական ռմբակոծման» հետեւանքով:

Սուրիոյ մէջ հաշտութեան ռուսական կեդրոնի փոխնախագահ Օլեկ Իկնասիուք յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 27 նոյեմբերէն ի վեր Ժապհաթ Նուսրայի առնչուած 400 զինեալներ սպաննուած են:

Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները չորեքշաբթի օր մեծաթիւ ահաբեկիչներով ու միջին եւ ծանր զէնքերու օգտագործումով լայն ճակատի մը վրայ մեծ յարձակում շղթայազերծած են:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինեալները Թուրքիոյ հետ սահմանային անցակէտերու ճամբով կը հասնին ճակատ:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ մուտք գործած է Հալէպի թաղեր եւ գրաւած Հալապ Ժատիտա թաղամասին մէջ գտնուող Գիտական հետազօտութեան կեդրոնը:

«Մեր ուժերը սուրիական վարչակարգին հետ կռիւներէ ետք Հալապ Ժատիտա թաղամաս մուտք գործելով Հալէպի կեդրոնէն 2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին», պնդած է ընդդիմութիւնը:

«Ժազիրա» նաեւ նշեց, թէ ըստ ընդդիմութեան, անոնք գրաւած են Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Խան Թուման եւ Զիթան գիւղերը:

«Արապիա» երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց. «Զինեալ խմբաւորումները ամբողջութեամբ գրաւեցին Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանները:

Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին Կոչը`
Հալէպահայութեան
Երէկ Բերիոյ հայոց Ազգային առաջնորդարանի դիւանը, ի տես Հալէպի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան, հալէպահայութեան ուղղեց հետեւեալ կոչը.

«Հալէպի մեր ժողովուրդի զաւակները կը յորդորենք այս շրջանին մնալ բնակարաններուն մէջ եւ խուճապի չմատնուիլ: Անհրաժեշտ պարագաներու կամ անապահով կացութեան մատնուելու պարագային կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն. 4443 999 – 4614510 – 2125696»:

«Թուրքիան այս ամէնը կ՛ընէ արաբական աշխարհը սիրաշահելու համար, սակայն իրականութեան մէջ ես կը կարծեմ, որ ներքին համաձայնութիւն կայ, որովհետեւ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարէն ընդամէնը ժամեր անց սկսաւ այս հարձակումը, որ վստահաբար նախապատրաստուած էր»:

Այս մասին երէկ NEWS.am–ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը` խօսելով այն մասին, որ 27 նոյեմբերին թրքամէտ ահաբեկչական խմբաւորումները Հալէպի շրջանին մէջ յարձակում գործած են սուրիական բանակի եւ դաշնակից ուժերու դիրքերուն վրայ:

«Ես կը հաւատամ, որ Իսրայէլն ու Թուրքիան դաշնակիցներ են, հակառակ անոր, որ հանրայնօրէն մէկզմէկու դէմ արտայայտութիւններ կը հնչեցնեն», աւելցուց ան:

«Զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ չորեքշաբթի օր սկսած յարձակումը մեծ թափ ունէր, անոնք լաւ նախապատրաստուած էին: Սուրիական բանակը սկիզբը հակադարձեց, այժմ ալ կը պատրաստուի շրջաններու ազատագրման համար հակայարձակման: Անշուշտ, սուրիական բանակին կ՛օգնէ ռուսական օդուժը: Թէեւ սկիզբը զինեալ ահաբեկիչները բաւական շատ գիւղեր գրաւած էին Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ, բայց անոնք սակաւ բնակչութիւն ունեցող գիւղեր էին: Քանի մը գիւղեր զօրքը արդէն ազատագրած է, այժմ բախումներ տեղի կ՛ունենան Հալէպի աուարձաններուն մէջ` քաղաքէն մօտ 5 քմ հեռաւորութեան վրայ», նշեց «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կրնա՞յ պատերազմ սկսիլ, Զարմիկ Պօղիկեան ըսաւ. «Այն շրջանը, որուն վրայ այս պահուն յարձակում տեղի կ՛ունենայ, այդքան ալ մեծ չէ: Կը փորձեն յարձակիլ եւ գրաւել Մ5 կոչուող միջպետական ճանապարհը: Անոնց զօրակցողը հիմնականին մէջ Թուրքիան է: Անոնք կը փորձեն այնպիսի իրավիճակ ստեղծել, որ թրքական զօրքերու մուտքը այդ տարածք դիւրին ըլլայ: Մինչեւ այժմ անոնք քաղաք մտնել չեն կրցած, սակայն հրթիռներ կը նետեն, բնակելի վայրերը կը ռմբակոծեն: Այսօր օրինակ, հրթիռակոծեցին Հալէպի պետական համալսարանի հանրակացարանը. չորս զոհ եւ տասնեակ մը վիրաւորներ կային»:

Թեհրան. «Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Վերջին
Շարժումները Շրջանի Կայունութիւնը Քայքայելու
Ամերիկեան-Իսրայէլեան Ծրագիրի Ծիրին Մէջ Են»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաքայի նշեց, որ Իրան կը զգուշացնէ Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումներու գործունէութեան վերականգնումէն:

«Հալէպը, Իտլիպն ու անոնց գիւղական շրջանները Ասթանայի համաձայնութեան հիմամբ լարուածութեան մեղմացման գօտիին մաս կը կազմեն, եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու գործողութիւնը համաձայնութեան խախտում է»:

Ան կոչ ուղղեց` «վճռական եւ համակարգուած քայլեր որդեգրելու շրջանին մէջ ահաբեկչական երեւոյթի տարածումը կանխարգիլելու համար»:

«Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն վերջին շարժումները Արեւմտեան Ասիոյ շրջանի կայունութիւնը քայքայելու ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրի ծիրին մէջ են», նշեց Պաքայի:

«Անհրաժեշտ է, որ շրջանի պետութիւնները, մասնաւորաբար Սուրիոյ դրացիները զգուշութեան քայլեր որդեգրեն` վնասազերծելու համար այս վտանգաւոր սադրանքը», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց. «Հալէպի մէջ դէպքերու զարգացումը Սուրիոյ գերիշխանութեան ոտնահարում է, եւ Ռուսիան կը զօրակցի շրջանին մէջ կարգ ու կանոնին վերականգնման»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2024, 09:25