Որոնել

TOPSHOT-FBL-EUR-C3-AJAX-TEL AVIV-ISRAEL-PALESTINIANS-CONFLICT

Ամսթերտամի մէջ պաղեստինի զօրակցողներու հետ բախումներու ընթացքին 15 Իսրայէլացիներ վիրաւորուեցան

Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացիներու եւ Պաղեստինի համակիրներու միջեւ բախումները ընթացք առած են, երբ իսրայէլացի համակիրներ Պաղեստինի դրօշը պատռտած են:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 15 իսրայէլացիներ վիրաւորուած են 7 ուրիշներու հետ կապը կորսուած է Ամսթերտամի մէջ տեղւոյն «Այաքս Ամսթերտամ» եւ «Մաքապի Թել Աւիւ» 5-0 արդիւնքով աւարտած ֆութպոլի խումբերուն միջեւ մրցումէն ետք տեղի ունեցած բռնարարքներու պատճառով:

Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացիներու եւ Պաղեստինի համակիրներու միջեւ բախումները ընթացք առած են, երբ իսրայէլացի համակիրներ Պաղեստինի դրօշը պատռտած են:

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ կը պատրաստուի ուժ մը Նետերլանտ ուղարկելու` իսրայէլացիներու տարհանման օժանդակելու համար:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեցին, որ իսրայէլացիները պէտք է Ամսթերտամի փողոցներ դուրս չգան եւ մնան իրենց պանդոկները:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Նետերլանտներու կառավարութեան կոչ ուղղեց` արագօրէն շարժելու իր հողերուն վրայ գտնուող իսրայէլացիներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար:

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն «Էքս»-ի վրայ յարձակումէն տեսարաններ հրապարակելով զանոնք կոչեց «ջարդ»: «Ասիկա այն ծայրայեղական ահաբեկչութեան կողմնակիցներու իրական դէմքերն են, որոնց դէմ մենք կը պայքարինք», գրեց ան:

Նետերլանտներու խորհրդարանին մէջ մեծագոյն աջակողմեան Ազատութիւն կուսակցութեան ղեկավար Կերթ Վիլտերս իր կարգին կատարուածը որակեց «ջարդ» եւ նշեց. «Մենք դարձած ենք Եւրոպայի Կազան: Իսլամները պաղեստինեան դրօշներով կը հետապնդեն հրեաները»:

Վիլտերս նաեւ քննադատեց նետերլանտական իշխանութիւնները` Իսրայէլի քաղաքացիները պաշտպանել չկարենալուն համար` պահանջելով յարձակում գործողները պատասխանատուութեան ենթարկել:

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ յայտնեց. «Ամսթերտամի յարձակումները 7 հոկտեմբերի դէպքերը կը յիշեցնեն»:

Նետերլանտներու ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ քաղաքի կեդրոնէն բախումներու մասին շարք մը հաղորդագրութիւններ ստացած է եւ անկարգութիւններէն ետք 57 անձեր ձերբակալած է:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2024, 07:52