Որոնել

Անթիլիասի մէջ յատուկ աղօթք Անթիլիասի մէջ յատուկ աղօթք  

Անթիլիասի մէջ յատուկ աղօթք կատարուեցաւ՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու վերահաստատման

Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք՝ Արցախի հայութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Նկատի ունենալով 11-22 Նոյեմբեր 2024-ին Ազրպէյճանի մէջ կենսոլորտին նուիրուած միջազգային համագումարի կայացումը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առիթը լաւագոյնս օգտագործելով՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրեց Արցախի հայութեան պապենական հողեր վերադառնալու իրաւունքին եւ Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով գերեվարուած մեր հայորդիներուն ազատ արձակման պահանջքին։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Կաթողիկոսը միջազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու հետ կապեր հաստատեց եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին իբրեւ նախագահ՝ նամակ ուղղեց անոր, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ասիոյ, հիւսիսային ու հարաւային եկեղեցիներու խորհուրդներուն, որպէսզի պաշտօնական հաղորդագրութիւններով եւ հրապարակային կերպով դատապարտեն Ազրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ պահանջեն Արցախի հայութեան գծով արդարութեան հաստատումը՝ մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքներու լոյսին տակ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեամբ նաեւ թելադրեց մեր բոլոր թեմերուն յատուկ աղօթք կատարելու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու շուտափոյթ վերահաստատման։

Արդարեւ, Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք՝ Արցախի հայութեան համար։

Աղօթքին մէջ յատկապէս յիշուեցաւ. «Տէր Աստուած, փառք քեզի, որ Քու մարդասիրութիւնդ ցոյց տուիր մարդկութեան հանդէպ՝ քու Որդիիդ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ, որ փրկեց մեզ իր սուրբ արիւնով։ Ինչպէս միշտ, այժմ ալ, մեր ազգին մէջէն ընտրեցիր եռանդուն քաջեր, որոնք հաւատքի կրակը Հայրենիքի սիրոյն հետ անքակտելիօրէն միաւորեցին եւ հերոսաբար ընդդիմութիւն ցոյց տուին անօրէն թշնամիին։ Տէ՜ր, այստեղ հաւաքուած ծառաներդ, իրենց աղաչանքը բարձրացնելով՝ Քու պահպանութիւնդ կը խնդրեն հայրենի Արցախէն տեղահանուած 120.000 հայորդիներուն համար, որոնք զրկուեցան իրենց հողէն ու տունէն։ Զանոնք Քու սուրբ հովանիիդ տակ պահէ եւ հայրական խնամքիդ արժանի դարձուր։ Յիշէ՛, Տէ՜ր, հայրենի Արցախէն պատանդ տարուած մեր ղեկավարները, ռազմագերիներն ու առեւանգուած մեր հայորդիները, որոնք բանտերու մէջ ապօրինաբար գերի կը պահուին Ազրպէյճանի կողմէ։ Ո՜վ ազատարար Փրկիչ, Քու բարի կամքիդ համաձայն ազատութիւն շնորհէ մեր գերիներուն, որպէսզի անոնք ապահով կերպով վերադառնան Հայրենիք եւ միանան իրենց ընտանիքներուն։ Քու ողորմութեամբդ յիշէ՛ Հայաստանի ու Արցախի նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն մեր հողին ու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Յիշէ անոնց հոգիները Քու երկնային արքայութեանդ մէջ, իսկ անոնց սգակիր հարազատներուն Սուրբ Հոգիիդ մխիթարութիւնը պարգեւէ։

«Տէ՜ր Աստուած, անսասան պահէ ու պահպանէ մեր Հայրենիքը ամէն տեսակ չարիքներէ։ Պահպանութեան նշանդ՝ սուրբ խաչը կանգնեցուր հայրենի սահմաններուն վրայ, որպէսզի թշնամին չմօտենայ մեզի՝ իր նենգ դաւերով ու ծրագիրներով։ Աւելցո՛ւր շնորհքն ու իմաստութիւնը մեր ազգի ղեկավարներուն եւ հզօր պահէ հայոց բանակը։ Երկարէ՛ ձեռքդ, ո՜վ Տէր, եւ օրհնէ հայ ժողովուրդը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Ամենակարող զօրութեամբդ ամրացուր մեր ազգն ու սուրբ եկեղեցին՝ զանոնք պահելով միասնակամ ու անսասան, որպէսզի դառնանք Քու սուրբ անունդ փառաբանողներ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2024, 07:55