Եւրոպական Խորհուրդի Յանձնախումբէն կոչ Պաքուին՝ Արցախէն տեղահանուածներուն վերադարձին համար պայմաններ ստեղծելու
Եւրոպական խորհուրդի Ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան շրջանակային պայմանագիրի խորհրդատուական յանձնախումբէն կոչ ուղղեց Ալիեւի վարչակազմին՝ «ստեղծելու քաղաքական, իրաւական, գործնական պայմաններ, որոնք անհրաժեշտ են Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերուն ապահով ու անարգել վերադարձին համար, ինչպէս նաեւ յատուկ գործիքակազմ մը` սեփականութեան հարցերը լուծելու նպատակով»:
«Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի՝ գոյքագրելու, պաշտպանելու եւ պահպանելու հայկական բոլոր կրօնական եւ մշակութային վայրերը եւ ինչքերը, ինչպէս նաեւ հետաքննելու տարածաշրջանին մէջ բնիկ հայերուն կողմէ օգտագործուող պատմամշակութային յուշարձաններու եւ գերեզմանատուներու վանտալութիւնը, ոչնչացման եւ փոփոխման մասին բոլոր մեղադրանքները», կ՛ըսուի յանձնախումբին կոչին մէջ:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդատուական յանձնախումբին ծաւալուն զեկոյցին մէջ վկայակոչած են բազմաթիւ դէպքեր` պնդելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան պարունակին մէջ կայ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ հրապարակային հռետորաբանութիւն մը, որ անմիջականօրէն կ՛ազդէ բնիկ հայերուն նկատմամբ վերաբերմունքին վրայ:
Պաշտօնական Պաքու՝ իբրեւ պատասխան, անհիմն որակեց Եւրոպական խորհուրդի զեկոյցին մէջ տեղ գտած պնդումները` յայտարարելով, որ յանձնախումբին կողմէ կիրարկուող մօտեցումը «լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ»:
«Խորհրդատուական յանձնախումբի խտրական մօտեցումը, որ կը կեդրոնանայ հայկական բնիկ խումբին վրայ` անտեսելով միւս ցեղային խումբերը եւ չափէն դուրս յենելով անյայտ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկատուութեան վրայ` առանց համապատասխան օրինակներ բերելու, միանգամայն յստակօրէն ցոյց կու տայ նշուած յանձնախումբին կողմնակալ մօտեցումը», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ