Կոչ կ՝ընենք աշխարհի մարդոց միանալու նոյեմբեր 10-ին հայ գերիներու համար կազմակերպուող աղօթքին. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կոչ յղած է աշխարհի բոլոր մարդոց միանալու Նոյեմբեր 10-ին հայ գերիներու համար կազմակերպուող աղօթքին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգը:
««Մենք վստահ ենք, որ Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդի կողմից նախաձեռնած ընդհանրական աղօթքը կը խթանի քրիստոնէական համայնքների, դիւանագիտական առաքելութիւնների, լրատուամիջոցների եւ միջազգային համապատասխան բոլոր կազմակերպութիւնների մասնակցութիւնը։ Անկեղծօրէն յոյս ենք տածում, որ այս հոգեւոր ջանքերը կը բարձրացնեն համաշխարհային իրազեկութիւնը շարունակուող հումանիտար ճգնաժամի վերաբերեալ եւ իրենց նպաստը կը բերեն ճշմարտութեան ու արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղարար լուծմանը»,- նշած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Արձագանգելով այս կոչին՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) կը հրաւիրէ Նոյեմբեր 10-ին՝ ազրպէյճանի մէջ կազմակերպուող COP29 կլիմայական համաշխարհային գագաթնաժողովի նախօրէին, բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց միանալու Հայաստանին նուիրուած աղօթքի օրուան՝ յանուն խաղաղութեան հաստատման, փախստականներու աջակցութեան եւ գերիներու ազատ արձակման։
2020թ․ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախի դէմ իրականացուած ռազմական յարձակումը, անոր յաջորդած Լաչինի միջանցքի տասնամսեայ շրջափակումը եւ 2023թ․ Սեպտեմբերին շուրջ 120,000 հայերու տեղահանումը իրենց հայրենի երկրէն կը մնայ հրատապ խնդիր։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը եւս միացած է աղօթքի օրուան կոչին։ «Կոչ կ՝ընենք բոլոր կրօնական համայնքներուն, միջազգային կառոյցներուն եւ բարի կամքի տէր մարդոց միանալու մեր աղօթքին՝ միաժամանակ զօրացնելով ջանքերը պահանջելու համար բոլոր հայ գերիներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը պաքուէն։ Մենք կը յիշեցնենք COP29 գագաթնաժողովին մասնակցող միջազգային հանրութեան, որ արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը սերտօրէն փոխկապակցուած են եւ կարելի չէ իրարմէ զատել։ Մենք չենք կրնար պահանջել կլիմայական արդարութիւն՝ առանց դատապարտելու մարդու իրաւունքներու խախտումները»,-նշած է Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։
ԵՀԽ կ՝արձանագրէ, որ COP29-ը եզակի հնարաւորութիւն է, որպէսզի կոչ ըլլայ 23 հայ գերիներու, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի բանտերուն մէջ գտնուող ազրպէյճանցի քաղաքական բանտարկեալներու եւ լրագրողներու անվերապահ ազատմանը։ ԵՀԽ-ի նախագահ Բ. Դոկտոր Հայնրիխ Պետֆորտ-Շդրոմը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը կարիքը ունի մեր աղօթքներու, մասնաւորաբար ըսած է. «Քրիստոնէական հաւատքը ուղեկցած է հայ ժողովուրդին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրումէն ի վեր՝ 301 թուականէն․․․ Ապագան անորոշ է»։
Պետֆորտ-Շդրոմը նշած է, որ Աստուած կ՝առաջնորդէ հայ ժողովուրդը, եւ մենք կրնանք միանալ Աստուծոյ մեր աղօթքներով․ «Մեր աղօթքները կը հասնին անոնց սրտերուն եւ հոգիներուն ու կը զօրացնեն անոնց»։ ԵՀԽ-ի գլխաւոր քարտուղար Ռ․ Փրոֆ․ Դոկտոր Ճէրի Բիլայը կոչ ըրած է բոլոր եկեղեցիներուն միանալու աղօթքին եւ դիմած է միջազգային հանրութեան շարունակելու աջակցութեան ցուցաբերումը։
«Մենք կը մնանք աղօթական համերաշխութեան մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի էկումենիկ գործընկերներու հետ»,- ըսած է Դոկտոր Ճէրի Բիլայը՝ վերահաստատելով իրենց կոչը ուղղուած արդար եւ կայուն խաղաղութեան՝ միջազգային մարդկայնական եւ մարդու իրաւունքներու օրէնքներուն համապատասխան։ ԵՀԽ-ն Նոյեմբեր 10-ին՝ Ժընեւի մէջ, ժամը 17:00-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պիտի կազմակերպէ մասնաւոր աղօթքի արարողութիւն՝ հայ համայնքի հետ համագործակցաբար»։
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ