Որոնել

Արհ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան հանդիպում կ՝ունենայ երեսփոխաններ Մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի եւ Ապտօ Մուսալլիի հետ Արհ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան հանդիպում կ՝ունենայ երեսփոխաններ Մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի եւ Ապտօ Մուսալլիի հետ 

Արհ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան հանդիպում կ՝ունենայ երեսփոխաններ Մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի եւ Ապտօ Մուսալլիի հետ

Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք.Միրիաթեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի եւ պր.Ապտօ Մուսալլիի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Բարեսիրական Մարմնի ատենապետ Ժան Պապլանեան:
Ունկնդրէ լուրը

Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք.Միրիաթեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի եւ պր.Ապտօ Մուսալլիի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Բարեսիրական Մարմնի ատենապետ Ժան Պապլանեան:

Երեսփոխանները թեմակալ առաջնորդին հետ զրուցեցին երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, մանաւանդ անցնող օրերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի սպառնացող վտանգին եւ նահանգի գաւառներուն մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն շուրջ:

Երեսփոխանները հակիրճ ձեւով տեղեկանք հաղորդեցին անցնող շաբաթներուն խորհրդարանի կողմէ վաւերացուած կարեւորագոյն օրինագիծերուն շուրջ` ընդգծելով երկրի սահմանադրական յօդուածներու արտացոլումը ընդունուած որոշումներուն մէջ:

Գերապայծառը յորդորեց երեսփոխանները եւ խրախուսեց զանոնք երկրի ապրած ծանր պայմաններուն մէջ ժողովուրդին ծառայող նախագիծեր ի կատար ածելու:

Սրբազան հայրը աղօթեց առ Բարձեալն Աստուած երկրի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ անդորրութեան հաստատման համար:

Աղբիւրը՝ Գանձասար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2024, 10:15